ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նոյեան Տապան».- ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի Մոսկուայի մէջ գումարուող 52րդ նիստի ծիրէն ներս, Յունիս 21ին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ գլխաւոր սպայակոյտի պետ, բանակի զօրավար Եուրի Պալուեւսքիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան երկու երկիրներու ռազմական եւ ռազմաարհեստագիտական ներկայ վիճակին առնչուող հարցեր եւ Հայաստանի մէջ տեղադրուած ռուսական 102րդ ռազմակայանին առնչուող խնդիրներ:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ նախորդ օրը Ռուսիոյ մէջ սկսած «Մարտական գործակցութիւն-2007» հակաօդային պաշտպանութեան ռազմափորձերու 2րդ փուլին վերաբերող խնդիրներուն:
Նոյն օրը Մ. Յարութիւնեան տեսակցեցաւ Ռուսիոյ բանակի գլխաւոր սպայակոյտի պետի տեղակալ, զօրավար Վ. Քարապելնիքովին հետ:
Նշենք, որ նախարար Յարութիւնեան Յունիս 20ին հանդիպումներ ունեցած էր Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի պաշտպանութեան նախարարներուն հետ: