ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ Ալի Պարտաքօղլու, որ այս օրերուն կը նախագահէ ափրիկեան 22 իսլամ երկիրներէ մօտաւորապէս 40 կրօնական առաջնորդներու մասնակցութեամբ կայացած համագումարի մը, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով անդրադարձաւ Պենետիքթ 16րդ պապի մօտալուտ այցելութեան եւ ըսաւ, որ այդ այցելութիւնը զինք կը շահագրգռէ պարզապէս անոր համար, որ պապը կրօնական առաջնորդ մըն է։ Անկէ դուրս, պապին նկատմամբ դառնութիւնները կը շարունակուին ու շատ ալ ճիշդ չէ մտածել, որ այս այցելութիւնը մոռցնել պիտի տայ մօտիկ անցեալի մէջ պապին դէմ ստեղծուած դառնութիւնը։
Պարտաքօղլու աւելցուց, որ այսպիսի այցելութիւններ օգտակար կրնան նկատուիլ, եթէ անոնք միջկրօնական երկխօսութիւնը վառ պահեն եւ ատոր յարմար վերաբերումներ ցոյց տրուին մէկզմէկու նկատմամբ։