Իվանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին մէջ, 1 Մարտին տեղի ունեցաւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը: Կողմերէն իւրաքանչիւրը հանդիպման օրակարգնը եւ քննարկուած հարցերը իւրովի մեկնաբանեց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Իր կարգին, «Արցախփրէս»ը յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման քննարկուեցաւ Լաչինի միջանցքով ինքնաշարժներու անխոչընդոտ անցքը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու հարցը: Կողմերը քննարկեցին նաեւ ելեկտրականութեան եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը: Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ քննարկումի նիւթ եղան նաեւ Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրերուն մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն կողմէ կենսոլորտի դիտարկման կարելիութիւնը։ Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան հետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ` լարուածութեան նուազեցման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման ուղղութեամբ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Հանդիպման ընթացքում քննարկուել են հումանիտար (մարդասիրական) բնոյթի հարցեր` Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի անյապաղ բացման անհրաժեշտութեան համատեքստում: Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ Արցախի եւ Ադրբեջանի ներկայացուցիչների միջեւ տարբեր մակարդակով նման հանդիպումներ անցկացուել են բազմիցս` տեխնիկական (արուեստագիտական), հումանիտար եւ ենթակառուցուածքային հարցերի քննարկման նպատակով: Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կարգավիճակին վերաբերող հարցեր հանդիպման մասնակիցները չեն քննարկել: Հանդիպման արդիւնքներով ադրբեջանական կողմի արած մեկնաբանութիւններն իրականութեանը չեն համապատասխանում: Արցախի Հանրապետութիւնը պահպանում է յանձնառութիւնն իր ժողովրդի` ինքնորոշման եւ անկախութեան ուղու ընտրութեանը, որն ամրագրուել է 1991 թ. հանրաքուէի ժամանակ: Անյետաձգելի հարցերի լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կարող փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար: Ելնում ենք միջազգային միջնորդական ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնից` որպէս խաղաղ գործընթացի անշրջելիութեան կարեւոր երաշխիք: Կրկին ընդգծում ենք, որ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումն առ այն, որ Ադրբեջանի կողմից ուժի եւ ուժի սպառնալիքի ապօրինի կիրառման արդիւնքները չեն կարող մեկնակէտ լինել խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ճանապարհին, մնում է անփոփոխ»:
Պաքու, իր կարգին յայտարարեց, թէ քննարկուեցան «Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերը Ատրպէյճանի մէջ համարկելու հարցը` երկրի Սահմանադրութեանն եւ օրէնքներուն համապատասխան»:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կառավարութեան նիստին հակադարձեց Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ համարկելու՝ Պաքուի յայտարարութիւններուն՝ հաստատելով, որ կողմնակից են կապերու, համագործակցութեան՝ բոլոր տարբեր երկիրներու, նաեւ դրացի երկիրներու հետ, բայց կը բացառուի որեւէ համարկման գործընթաց։ Ան ընդգծեց, որ անկախ դժուարութիւններէն եւ զանազան ճնշումներէն` հաւատարիմ պիտի մնան Արցախեան շարժման գաղափարներուն եւ անկախութեան ճանապարհէն ոչ մէկ քայլի նահանջ պիտի ըլլայ։ «Նրանք, ովքեր չեն կիսում շարժման տրամաբանութիւնը, այս գլխաւոր, միակ տրամաբանութիւնը, ապա մեզ հետ քայլելու իրաւունք չունեն», ըսաւ Յարութիւնեան:
Պաքու, ի տարբերութիւն Ստեփանակերտի` տեղեկացուց, թէ որո՛նք ներկայ էին հանդիպումին։ Ըստ «Էյ.Փի.Էյ» գործակալութեան՝ հայկական կողմին հետ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի Միլի մեճլիսի (խորհրդարանի) պատգամաւոր Ռամին Մամետով, զոր կը ներկայացնեն իբրեւ «Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու հետ կապերու պատասխանատու»:
Ըստ նոյն գործակալութեան՝ Մամետովէն բացի 1 Մարտի հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը հետաքննող դիտարկման խումբի ղեկավար Մասիմ Մամետով։ Այդ խումբին մաս կը կազմեն բնապահպանութեան նախարարութեան, տնտեսութեան նախարարութեան անշարժ գոյքի պետական ծառայութեան եւ «Ազերգոլդ» ընկերութեան մասնագէտները:
Պաքու նաեւ հրապարակեց լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ հանդիպման Արցախի կողմէ կը մասնակցէր Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան: Մինչդեռ «Արցախփրէս»ը սահմանափակուեցաւ ռուս խաղաղապահներու լուսանկարով:
Աւելի ուշ, Արցախի նախագահի խորհրդական Նելլի Բաղդասարեան եւս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջան ընող լուրերուն՝ իբր թէ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է համարկման հարցը՝ շեշտելով, որ անիկա ապատեղեկատուութիւն է։
«Արցախի Հանրապետութեան նախագահը Փետրուարի 23ի ուղերձում եւ Մարտի 1ի կառավարութեան նիստի ընթացքում հերթական անգամ բացառել է Ադրբեջանի հետ ինտէգրացիոն (համարկման) որեւէ գործընթաց` յատկանշելով, որ Ադրբեջանի հետ քաղաքական երկխօսութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով հնարաւոր է միայն միջազգային միջնորդական ձեւաչափի շրջանակներում», ընդգծեց ան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Խօսելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած յաջորդ ապատեղեկատուութեան մասին, ըստ որուն, կողմերու պաշտօնական ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը իբր թէ «կրնայ տեղի ունենալ Գեանջայի կամ Աղդամի մէջ», ընդ որում` առանց Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի մասնակցութեան՝ Արցախի նախագահի խորհրդականը շեշտեց, որ ասիկա եւս չի համապատասխաներ իրականութեան, ոռովհետեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք Արցախի Հանրապետութեան մարդասիրական եւ ենթակառոյցներու վերաբերող հարցներու կարգաւորման առնչութեամբ Ատրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու հաղորդակցութիւնները եւ հանդիպումները կը կազմակերպուին խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ սահմանուած վայրին մէջ, անոնց միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
ՔԼԱԱՐ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունեց Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն 1 Մարտի հանդիպումը:
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ տեղադրած գրութեան մը մէջ, ան յուսադրող կը նկատէ «Խոճալուէն (Իւանեան) ստացուող նորութիւնները Պաքուի ներկայացուցիչներուն եւ Ղարաբաղի հայերու կապերուն վերաբերեալ»:
«Լաւ է, որ քննարկումները, կարծես, կեդրոնացած են թէ՛ անյապաղ մտահոգութիւններու եւ թէ աւելի լայն հարցերու վրայ», գրած է Քլաար: