Պաքու մտադիր է այս տարի 30 առ հարիւրով աւելցնել դէպի Եւրոպա կազի արտածումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շահպազով` նշելով, որ այս տարուան առաջին ութ ամիսներուն, Պաքու «Եւրոպային մատակարարած է 7.3 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ»:
«2022ին դէպի Եւրոպա (կազի) մատակարարումներուն ընդհանուր ծաւալը պիտի ըլլայ 12 միլիառ խորանարդ մեթր, ինչ որ 31 առ հարիւրով աւելի է 2021ի հետ համեմատած», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է ատրպէյճանցի պաշտօնատարը:
Եւրոպայի մէջ ռուսական ուժանիւթէն կախեալութիւնը նուազեցնելու նպատակով, Պրիւքսէլ եւ Պաքու այս տարուան Յուլիսին ատրպէյճանական բնական կազի ներածումը մինչեւ 2027 կրկնապատկելու շուրջ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած էին: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ նաեւ Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի տարածքէն անցնող «Հարաւային կազային միջանցք»ի ընդլայնում:
Ըստ մասնագէտներու գնահատումին՝ թէեւ ատրպէյճանական կազը կրնայ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն օգնել հրաժարելու ռուսական կազէն, սակայն ծաւալները բաւարար չեն զայն ամբողջութեամբ փոխարինելու համար: