ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Լաչինի միջանցքի փակումով, Արցախի շրջափակումը անցաւ հարիւրերորդ օրը եւ տակաւին ոչ մէկ լուծումի նշոյլը կայ: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը մնան անդրդուելի եւ իրենց ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնէն անդին ալ անցնելով, զինուորական կուտակումներ կը գոյացնեն, թէ՛ ռուս խաղաղապահներուն եւ թէ Եւրոպական Միութեան գործուղած դիտորդներու աչքերուն առջեւ:
1991ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումով, Պաղ պատերազմը աւարտին հասած էր: Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս բոլոր աշխարհի մէջ ցնծութիւն էր: Այդ ցնծութեան տարերայնութեան մէջ քանդուած էին Եւրոպական երկիրները իրարմէ բաժնող փշաթելերը, պատուարները թէ՛ երեւակայական եւ թէ՛ ֆիզիքական պատերը. քանդուած էին Արեւելեան Գերմանիան Արեւմտեանէն բաժնող եւ մասնաւորաբար Պերլինը երկու մասերու բաժնած Պերլինի ամօթալի պատը:
Քանի մը տարի ետք ի յայտ եկաւ, որ այդ մէկը խաբկանք էր: Դարձեալ երեւցան փշաթելեր երկիրներու միջեւ. այս անգամ միջինարեւելեան երկիրներէն, Ափրիկէէն եւ Ասիոյ կարգ մը երկիրներէ եկող սովահարներու, պատերազմներու արհաւիրքներէն փախչողներու եւ տնտեսական աւելի լաւ պայմաններ փնտռողներու գաղթականական ալիքներու առաջքը առնելու նպատակով: Ուրիշ տեղեր, սահմաններու միջեւ արգելքները փուլ գալով՝ նոր պատերազմներու առիթ տուին: Վերջիններէն են մեր անմիջական դրացնութեամբ բռնկած պատերազմները, ինչպէս՝ Չեչենիոյ, Վրաստանի եւ Արցախի պատերազմները:
Արցախի աղէտալի պատերազմէն երկու տարի ետք, «պատ» մը բարձրացած է Արցախի շուրջ եւ անոր ու Հայաստանի միջեւ կեանքի միջանցքը արգելափակած, խումբ մը ատրպէյճանցի «բնապահպաններու» կողմէ: Եթէ զուգահեռ մը փորձենք գտնել այդ «պատին» եւ Պերլինի պատին միջեւ, պիտի նկատենք տարօրինակ տարբերութիւններ եւ նմանութիւններ:
Ա. Պերլինը երկուքի՝ արեւմտեան եւ արեւելեան, մասերը իրարմէ բաժնող պատին, որ բարձրացուած էր 1961ին, ընդհանուր երկայնքը մօտաւորապէս 40 քիլոմեթր էր, որուն շուրջ սակայն արեւելեան մասին մէջ զետեղուած էին 55000 ականներ: Իսկ վրան բազմաթիւ դիտակէտեր, ներքեւը յարձակելու եւ յօշոտելու համար մարզուած շուներ, պատը պաշտպանող փշաթելեր, փշաթելերուն եւ պատին վրայ ջերմազգայուն զէնքեր, որոնք նոյն ժամանակ բազմաթիւ փամփուշտներ կ՛արձակէին երբ կենդանի էակ մը մօտենար անոնց: Սակայն բոլոր այս սպառազինութեան թիրախը ուղղուած էր ոչ թէ արեւմտեան կողմին վրայ, այլ արեւելեան կողմէն դէպի արեւմուտք փախուստի հաւանական փորձ կատարողներուն դէմ: Որովհետեւ Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն մինչեւ այդ թուականը, Արեւելեան Գերմանիայէն մօտաւորապէս 3.5 միլիոն մարդ փախուստ տուած էր դէպի Արեւմտեան Գերմանիա, չդիմանալով համայնավար վարչակարգի բռնապետական կառավարման: Պատին բարձրացումէն ետք, մինչեւ անոր փլուզումը, մահը իրենց աչքին առած եւ փախուստ փորձած արեւելեան գերմանացիներու ընդհանուր թիւը առաւել քան 100,000 էր, որոնցմէ միայն շուրջ 5000 հոգի յաջողած էր, ներառեալ՝ 600 անձեր Գերմանիաները իրարմէ բաժնող պատի պահակներէն:
Բ. Արցախի շուրջ կան պատի փոխարէն խրամատներ, որոնք ատրպէյճանցիներու կողմէն պարբերաբար կը գնդակոծուին, նպատակ ունենալով արցախցիներուն խաղաղ կեանքը խանգարելով եւ վտանգելով՝ յուսահատեցնել եւ մղել զանոնք լքելու իրենց հողը: Միւս կողմէն, ռուս խաղաղապահներու դերը եւ անոնց հոն գտնուելու պատրուակը, Արցախի այդ փոքր տարածքը պահելու մէջ է, որուն վերացումով, անոնց շրջանին մէջ ռազմական կայան ունենալու պատրուակը կը վերանայ: Այս տրամաբանութեամբ, ուրեմն, տեսականօրէն ռուս զօրքը պիտի արգիլէ հայերու շրջանէն հեռացումը նոյնիսկ զէնքի ուժով:
Ներկայիս կացութիւնը չափազանց լարուած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ու նոր պատերազմի մը սպառնալիքը միշտ կայ: Ռուսական խաղաղապահ գունդը աւելի քան չէզոք դիրք բռնած է, մինչ Եւրոպական Միութեան եւ Ամերիկայի դիրքորոշումները խօսքի սահմաններէն անդին չեն անցնիր:
Պաշտօնական Հայաստան կը շարունակէ դիւանագիտական աշխատանքները, իսկ երկրին մէջ կեանքը կը շարունակուի բնականոն ձեւով՝ մշակութային, կրթական եւ այլ գործունէութիւնները կանգ չեն առած: Արցախի ժողովուրդին ահաւոր վիճակին նկատմամբ ընդհանրապէս խոր մտահոգութիւնն զգալի չէ: Թերեւս այդպէս եղած է անցեալին ալ, Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, ինչպէս ժողովրդային ասացուածքը կ՛ըսէ. «Կրակը միայն ինկած տեղը կ՛այրէ», այսինքն, եթէ վտանգը գիւղ մը հասնէր, կողքի գիւղը կը շարունակէր իր կեանքով ապրիլ…։
Այս վերաբերմունքը մարդկային է եւ միայն մեզի յատուկ երեւոյթ չէ: Մարդ արարածը ամէն իրավիճակի արագ յարմարող է, նոյնիսկ բանտային կարգավիճակին: Լիբանանի մէջ յամեցած երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի տեւողութեան, ռմբակոծման ենթակայ թաղամասերէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեամբ վայրերու մէջ ճաշարանները բնականոն կերպով կը գործէին, իսրայէլեան բանակին հարաւային Լիբանան ներխուժումի օրերուն, հիւսիսային եւ կեդրոնական մասերուն մէջ նոյնիսկ ցնծութիւն էր: Ներկայիս երբ այդ երկրին մէջ տնտեսական աննախընթաց ճգնաժամ կայ, գիշերային զուարճանքի վայրերը բնականոն կեանք կ՛ապրին…։
Արցախի այս տագնապալի օրերուն, վստահաբար եւ հասկնալիօրէն Արցախի մեր հայրենակիցներուն մօտ Հայաստանի ժողովուրդին եւ պետութեան կողմէ լքուածութեան եւ առանձնութեան զգացում կայ. այդպիսի զգացում ապրած են նաեւ Լիբանանի որոշ մասերու մէջ տագնապալի օրեր ապրած ժողովուրդը: Այդ զգացումը ապրած էին Դանիոյ Պորնհոլմ (Bornholm) կղզիի 60,000 ժողովուրդը, երբ 1945ի սկիզբները սովետական բանակը զայն գրաւած էր եւ միայն 11 ամիս ետք հեռացած անկէ, մինչ Դանիան, որ համաշխարհային պատերազմին համեմատաբար նուազագոյն չափով տուժող երկիրներէն էր, ժողովուրդը իր բնականոն կեանքով կ՛ապրէր: Այդ օրերուն կղզիի բնակիչները լքուածութեան զգացում ապրած էին եւ ըստ Թիմըթի Ֆիլիփսի Retracing the Iron Curtain գիրքին, այսօր հոն ապրող դանիացիները չեն մոռցած այդ պատմութիւնը եւ դառնութեամբ կը յիշեն իրենց պետութեան եւ ժողովուրդին այդ օրերուն դրսեւորած կրաւորականութիւնը իրենց ճակատագիրին նկատմամբ:
Մենք եւս, թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Սփիւռքի տարածքին, անտարբեր վերաբերմունք կը դրսեւորենք Արցախի շուրջ կատարուածին նկատմամբ: Չկան քայլարշաւներ եւ ելոյթներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն եւ քաղաքներուն մէջ, ուր ստուար բնակչութիւն ունինք, ուր կրցած ենք ամէն Ապրիլ 24ի օրերուն բազմութիւններ փողոց հանել: Մէկ-երկու տեղեր ծիծաղելի թիւեր հաշուող անշուք ու միայն հայկական նկատուած թաղերու մէջ ելոյթներ կազմակերպուած են եւ ուրիշ ոչինչ, վախնալով որ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն քաղաքականութեան հակասած կ՛ըլլան եւ ատրպէյճանցիներու այս շրջափակման դէմ մեծածաւալ եւ բուռն բողոքները բնականաբար ուղղուած կ՛ըլլան նաեւ ռուս խաղաղապահներու յանցաւոր կրաւորականութեան դէմ:
Այս օրերուն, դարձեալ կը տեսնենք, որ ազգերը կը գործեն բացառապէս իրենց սեփական շահերէն մեկնած եւ անոնց բացարձակապէս չի հետաքրքրեր մեր ճակատագիրը, ինչպէս որ մեզի երբեւէ չէ հետաքրքրած Էրիթերիոյ, Սուտանի, Քամպոտիոյ, Ափրիկեան երկիրներու, Վիեթնամի եւ այլ… ժողովուրդներու պատերազմները եւ անոնց զոհերը, սովի ենթարկուածները, հալածանքները եւ ցեղասպանութիւնները: Ամէն ազգ ինք պիտի տնօրինէ իր կեանքը, յարմարագոյն դաշնակիցները ընտրելով, սակայն առանց երբեք անոնց բոլորովին վստահելով, այլ՝ սեփական երկիրը առաւելագոյնս զօրացնելու միտուած ազգային քաղաքականութեան մը որդեգրումով եւ մանաւանդ ռազմական պատրաստուածութեամբ:
Խաղաղութիւնը խաբկանք է, պատերազմը անխուսափելի է. պէտք է մինչեւ վերջ զինուիլ, զինուիլ եւ զինուիլ: