Պէյրութի մէջ լոյս է տեսած դոկ. Գէորգ Խրլոպեանի «Ցեղասպանութիւն» գիրքը, որուն մէջ արծարծուած են Ցեղասպանութեան աստուածաբանական, քաղաքական, պատմական, դիւանագիտական, իրաւակական եւ ընկերային-հոգեբանական կողմերը:
Գիրքի յաւելուածին մէջ ներկայացուած են Օսմանեան կայսրութեան ծաւալման եւ քայքայման ընթացքը, պարտուած Թուրքիան եւ անոր դաշնակիցները, հայկական ջարդերը եւ ուիլսընեան Հայաստանի քարտէսները: Գ. Խրլոպեանը գիրքին մէջ ներկայացուցած է նաեւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին միջազգային գիտական հաստատութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կայացուած որոշումները:
Գիրքը տպագրուած է 750 օրինակով, պէյրութահայ Արմէն Յարութիւնեանի հովանաւորութեամբ: