Յունուարին, Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշած էր քաղաքը այսուհետեւ ընտրաշրջաններու բաժնել, որպէսզի իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի բնակիչ կարելիութիւնը ունենայ իր շրջանի շահերը պաշտպանող թեկնածուներ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրել։
Նոր ընտրատարածքներ սահմանելու հարցով ծրագրուած են շարք մը հանրային քննարկումներ, կազմուած են ընրատարածքներու տարբերակներ եւ Draw Your Neighborhood գործիքը, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն թիւով քաղաքացիներու ներդրումը ապահովել քաղաքին ապագային համար յոյժ կարեւոր այս որոշումին մէջ։
Հաւաքներուն ընթացքին, հայերէնով կամ սպաներէնով թարգամանական աջակցութեան համար կարելի է դիմել info@BurbankCouncilDistricting.com հասէին։
Հաւաքները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ շարքով.
– 30 Մարտին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Պուէնա Վիսթա հանրային գրադարանին մէջ (300 N. Buena Vista St. Burbank, CA 91505)։ Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։
– 6 Ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12էն սկսեալ, Thursday, April 6 at 12 pm, Zoom-ի միջոցաւ։
– 8 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:30էն սկսեալ, Համայնքային սպասարկութիւններու շէնք, թիւ 104 սենեակ (150 N 3rd St. Burbank, CA 91502)։ Տեղեր ապահովելու համար այցելել RSVP կայքէջը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։