Վերջին քանի մը տարիներուն եւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացին զուգահեռ, ամէն անգամ, որ Թուրքիոյ առջեւ յառաջ կը քաշուին ինքնասրբագրման եւ սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւրոպական ատեաններու պահանջները՝ Պոլսոյ պատրիարքը մեզ կը զարմացնէ իր առաքելութեան եւ կոչումին անյարիր յայտարարութիւններով։
Մենք հակուած չենք զարմացնող եւ երբեմն նոյնիսկ դատապարտելի այս ընթացքին ազգադաւութեան, գործակալութեան կամ այլ վիրաւորական բնութագրումներ տալու։ Սակայն, եղածը առնուազն անընդունելի է, երբ իրաւացիօրէն այլ սպասելիքներ կան Թուրքիոյ մէջ միակ կազմակերպ կառոյց ունեցող հայկական այս միաւորէն։
Այսօր, երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տեղահանուած է իր մայր բնօրրանէն (պատրիարքն ալ գիտէ, թէ անոր պատճառը Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր) Պոլսոյ պատրիարքարանը պարտաւոր է պատմական իր դերը ստանձնել եւ իր հոգատարութեան ծիրը Պոլիս քաղաքի սահմաններէն դուրս ընդարձակելով՝ ընդգրկէ ամբողջ Արեւմտահայաստանը։ Իսկ այս դերակատարութեան ստանձնումը շա՜տ մեծ տարողութեան աշխատանք կ՚ենթադրէ, որմէ պատրիարքարանը ոչ միայն շատ հեռու է ներկայիս, այլ նոյնիսկ տրամագծօրէն հակադիր ընթացքի մը մէջ է։
Իր պատմական կոչումին հաւատարիմ մնալու համար, պատրիարքարանը ոչ միայն իրաւունք չունի զարմանալի աշխուժութեամբ եւրոպական մայրաքաղաքներ այցելելու եւ Թուրքիոյ կառավարութեան պատմութիւնը խեղաթիւրող ապրանքը վերավաճառելու, Թուրքիայէն ինքնասրբագրելու ու սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւրոպական պահանջներուն հակադրուելու, այլ ընդհակառակը՝ պատրիարքարանը պէտք է խրախուսէ ու ողջունէ եւրոպական պահանջները, որովհետեւ անոնց մէջ իր իսկ հովուած հօտին ոտնակոխուած իրաւունքներն են, որոնք խնդրոյ առարկայ են եւ իր խնամատարութեան արժանի պատմամշակութային հարստութեան պահպանումը կ՚արծարծուի։ Եթէ վերջինը ընելու (խրախուսել եւ ողջունել) հնարաւորութիւնն ու քաջութիւնը չունի, ապա գոնէ լռութիւն պահելու չափ ուժ պէտք է ունենայ։
Չմոռնանք նշելու, որ այդ հնարաւորութիւնը չունենալը ինքնին փաստ է Թուրքիոյ մէջ տիրող անազատութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման։
Եթէ պատրիարքարանը (արդարօրէն եւ ողջունելիօրէն) Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանին տիրութիւն ընելու գիտակցութիւն կը դրսեւորէ, ապա անոր զուգահեռ (եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ ըսենք նոյնիսկ անկէ առաջ) պատրիարքարանը պարտաւոր է նոյն նախանձնախնդրութեամբ տիրութիւն ընելու Աղթամար վանքին, Անիի հարստութեան, Կարսի Առաքելոց վանքին, Մշոյ Ս. Կարապետին, Վարագայ վանքին (որոնցմէ բան չէ մնացած) եւ հարիւրաւոր այն եկեղեցիներուն ու վանքերուն, որոնք թրքական մշակութասպանութեան զոհեր են։ Եթէ պոլսահայութեան ֆիզիքական անվտանգութեամբ մտահոգուելու պարտականութիւն կը զգայ պատրիարքարանը, ապա հովուապետական նոյն հոգատարութիւնը պէտք է ցուցաբերել բռնի իսլամացած, քրտացած ու թրքացած այն բազմահազար հայորդիներու նկատմամբ, որոնք միայն Ֆրանսայի կամ Հոլանտայի նման եւրոպական ապահով երկիրներ հասնելէ ետք է, որ պաշտպանուած կը զգան ու իրենց ազգային պատկանելութեան մասին կը բարձրաձայնեն։
Իսկ եթէ պատրիարքարանը ի վիճակի չէ երաշխաւորելու անոնց ապահովութիւնը, ապա կրկին անգամ գոնէ լռութիւն պահելու չափ ուժ պէտք է ունենայ։ Եթէ Պոլսոյ վաքըֆներու հարցով պատրիարքարանը որոշ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, ապա եկեղեցապատկան այդ կալուածներու չափ պէտք է հետաքրքրուի նախճիրուած հայորդիներու կալուածներով, որոնք իւրացուած են թուրքերու, քիւրտերու եւ թրքական կառավարութեան կողմէ, եւ անոնց վերաբերող արխիւները Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ցուցմունքներով փակ կը մնան։
Յարգելի պատրիարք, ինքնասիրութեան ետեւէն ինկած ու ինքնահերոսացման ծուխը հալածող Հրանդ Տինքեր կրնան խօսիլ ինչ որ կ՚ուզեն, անոնց խօսածը նոյնիսկ շատ մեծ նշանակութիւն ալ չունի, բայց ձեր ընթացքը երբեք յարիր չէ Խրիմեան Հայրիկներու («Ա.».- Կամ պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանի) կտակին, որոնք իրենց հօտը հովուելու առաքելութեան մէջ պատրաստ էին ամէն տեսակ նուիրաբերումի։ Հօտը այլ սպասելիքներ ունի հովիւէն, եթէ այսօր այդ սպասելիքները արդարացնելու հնարաւորութիւնները չկան՝ կրնայ հասկնալի ըլլալ, բայց այդ սպասելիքներուն հակառակ ընթացքը չի կրնար ընդունելի ըլլալ։