Պուլկարահայ յայտնի գրող, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Յակոբ Մելքոնեանի նոր հրատարակուած հատորը, որ կը ներառէ 5րդ դարէն մինչեւ օրս հայ բանաստեղծներու գործերուն ծաղկաքաղի մը պուլկարերէն թարգմանութիւնները, ներկայացուեցաւ Սեպտեմբեր 22ին, հեղինակի ծննդավայր Պուրկասի մէջ։
Հայ մշակոյթի տունը հազիւ կրցաւ ընդունել մասնակիցները, որոնք եկած էին լսելու հայկական քնարերգութիւնը, որ յաջութեամբ թարգմանուած էր Յակոբ Մելքոնեանի կողմէ։ Ներկայացումին հրաւիրուած էին Յակոբ Մելքոնեանի այրին եւ ազգականները:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՕՄի եւ «Համազգային»ի կողմէ միատեղ: Անոնք նաեւ հովանաւորած էին գիրքին հրատարակութիւնը: