ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած դաստիրակչական սեմինար մը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 23-24ին, Պուլկարիոյ Պուրկաս քաղաքի Հայկական տան մէջ։ Սեմինարին ներկայ էին ՀՕՄուհիներ «Զարեհ Աստուածատուրեան», «Արաքս», «Սօսէ Մայրիկ», «Անի» եւ «Գթութիւն» մասնաճիւղերէն։ Պաշտօնական բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Մաննիկ Շամլեան, շեշտելով սեմինարի կարեւորութիւնը եւ ծանօթացուց օրուան յայտագիրը։
Սեմինարի նիւթերն էին՝ «Ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները եւ իրենց դերը հանրային կեանքի մէ»ջ, «Եւրոմիութեան սեմին՝ համամարդկային արժէքներ», «ՀՕՄի կառոյց, ժողովավարական կանոններ», «Երիտասարդութիւն», «Ծրագիրներ» եւ «Հայերը եւ այլ փոքրամասնութիւնները Պուլկարիոյ մէ»ջ։ Սեմինարի առաջին օրուան ծրագրին աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ Պուրկասի ՀՕՄի վերականգնումի 15ամեակի տօնակատարութիւնը։ Ընկհ. Անի Չուլուեան՝ Պուրկասի ՀՕՄի ատենապետուհին, համառօտ ձեւով ներկայացուց Պուրկասի մասնաճիւղի պատմութիւնը եւ գործունէութիւնը եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Շրջանային վարչութեան՝ այդքան կարեւոր եւ աշխատատար սեմինար մը կազմակերպելու համար։
Յաջորդ օրը սեմինարի մասնակիցները, բաժնուած աշխատանքային խումբերու, շարունակեցին քննարկումները։
Սոյն դաստիարակչական սեմինարի առթիւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը նիւթական օժանդակութիւն ստացաւ Պուլկարիոյ կառավարութեան փոքրամասնութիւններու հարցերով զբաղող յանձնախումբէն։