ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տան աղբիւրները Երկուշաբթի, Յունուար 8ին հաղորդեցին, թէ նախագահ Ճորճ Պուշ Իրաքի վերաբերեալ իր նոր ծրագիրին մէջ վերջին փոփոխութիւնները կը կատարէ եւ զայն պիտի հրապարակէ Չորեքշաբթի օր:
Նախագահը վերջին քանի մը շաբաթներուն ազգային ապահովութեամբ զբաղող իր խմբակը փոփոխութեան կ՚ենթարկէ եւ օրէնսդիրներուն հետ զեկուցական հանդիպումներու կը պատրաստուի նոյն նպատակին համար:
Ըստ լրատու աղբիւրներու՝ ան կը ծրագրէ նաեւ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու բարձրագոյն երկու ղեկավարները փոխարինել: Ըստ նախատեսութեանց՝ ան այդ ծրագիրին մէջ պիտի ընդգրկէ պատերազմէն յաղթական դուրս գալու համար քաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական նոր քայլեր: Ռազմական մօտեցումը, որ Քոնկրէսին կողմէ ամենաշատ ուշադրութեան եւ թերահաւատութեան արժանացած է, հաւանաբար Պաղտատի մէջ ինը հազար յաւելեալ զինուորներու տեղադրումը ներառէ:
«Մէկ բան յայտնի է. պիտի ուզեմ վստահ ըլլալ, թէ առաքելութիւնը յստակ, մասնայատուկ եւ իրագործելի ըլլայ», ըսաւ Պուշ:
Ըստ Պուշի վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռայըն Քրաքըր պիտի փոխարինէ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Զալմայ Խալիլզատը: Վերջինս պիտի ստանձնէ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը՝ փոխարինելով Ճան Պոլթընը: Կը նախատեսուի նաեւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ աւագ հրամանատար զօր. Ճան Ապիզէյտ եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Ճորճ Քէյսի հեռանան իրենց պաշտօնէն: