ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15ին Ծայրագոյն Արեւելք իր ճամբուն վրայ Մոսկուայի մէջ կարճատեւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Մոսկուայի օդակայանին մէջ վառելանիւթով պարէնաւորուելու համար կանգ առած ամերիկեան նախագահական օդանաւէն իջնելու պահուն, Պուշ եւ իր կինը դիմաւորուեցան Փութինի եւ իր կնոջ կողմէ: Երկու նախագահները օդակայանի հիւրասրահին մէջ ունեցան «արտասովոր աստիճանի դրական եւ բարեկամական հանդիպում մը», ըսաւ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով:
Ռուս պաշտօնատարը յայտնեց, որ նախագահները համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթ ստորագրելու երկկողմանի համաձայնագիր մը, որ ճամբայ պիտի հարթէ Ռուսիոյ՝ Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան անդամակցութեան: Անոնք նաեւ քննած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին հարցը: