ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Յուլիս 8ին տեղի ունեցաւ «Ուիմպըլտըն» թենիսի մրցաշարքի տղոց աւարտական մրցումը, եւ թիւ մէկ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերէր իր մօտ պահեց տիտղոսը, երբ հինգ սէթնոց մրցումէ մը ետք 7-6, 4-6, 7-6, 2-6, 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց երկրորդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալը: Անցեալ տարի եւս աւարտականին Ֆետերէր պարտութեան մատնած էր Նատալը:
Ֆետերէր այս յաղթանակով հաւասարեցաւ շուէտացի Պիյոռն Պորկի հաստատած մրցանիշին: Պորկ, որ ներկայ էը Կիրակի օրուան մրցումին, 1976էն 1980 յաջորդաբար հինգ տարի տիրացած էր այս տիտղոսին:
Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ կանանց աւարտականի մրցումը եւ տիտղոսին տիրացաւ ամերիկացի Վինըս Ուիլեըմզ (23րդ), 6-4, 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ֆրանսացի Մարիոն Պարթոլին (18րդ):
27 տարեկան ամերիկացին, որ վիրաւորուելով նահանջ արձանագրած էր ընդհանուր դասաւորման մէջ, չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս տիտղոսին:
Պարթոլի աւարտականի իր տոմսը ապահովեց պարտութեան մատնելէ ետք առաջին դասուած պելճիքացի Ժիւսթին Հենէնը:
Նկարներուն մէջ, երկու տիտղոսակիրները կը տօնեն իրենց յաղթանակը: