ԵՐԵՒԱՆ, «ՆՈՅԵԱՆ ՏԱՊԱՆ».- Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրների դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ Հոկտեմբեր 27ին կայացած հերթական հանդիպման ժամանակ, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ողջունեց Եւրոպական նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս խորհրդակցութիւններու աւարտը եւ յայտարարեց, թէ 2007ի համապետական ընտրութիւններուն, Հայաստան պիտի հրաւիրուին թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ երկարաժամկէտ դիտորդական առաքելութիւններ:
Հանդիպման ընթացքին, յատուկ անդրադարձ եղաւ նաեւ յառաջիկայ համապետական ընտրութիւններուն եւ յատուկ կերպով շեշտուեցաւ զանոնք ազատ ու արդար կայացնելու անհրաժեշտութւինը:
Ռ. Քոչարեան յայտարարեց, թէ ընտրական գործընթացներուն հսկելու նպատակով պիտի հրաւիրուին թէ՛ երկարաժամկէտ, եւ թէ կարճաժամկէտ միջազգային դիտորդական առաքելութիւններ:
Գալով Եւրոպական նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս առնուելիք քայլերուն, նախագահը յոյս յայտնեց, որ Նոյեմբերին այդ մէկը վերջնականապէս կ’ընդունուի, որու շնորհիւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները ձեռք կը բերեն շատ աւելի համակարգուած բնոյթ: «Հայկական կողմի առաջարկութիւնների ընդգրկուն փաթեթը վկայում է, որ մենք տրամադրուած ենք լուրջ աշխատանքի եւ ակնկալում ենք համատեղ արդիւնաւէտ գործունէութիւն», նշեց Ռ. Քոչարեան:
Ներկայ դիւանագէտներու խնդ-րանքով, Ռ. Քոչարեան պարզաբանումներ տուաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ զարգացումներու, ռուս-վրացական լարուածութեան եւ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ անոր հաւանական հետեւանքներու եւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներու վերաբերեալ: