ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Հաղորդած էինք, որ Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնակատարի պաշտօնին համար առաջադրուած էր ռումանահայ դիւանագէտ Վարուժան Ոսկանեանի թեկնածութիւնը:
Սակայն երէկ հաղորդուեցաւ, թէ Ռումանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վ. Ոսկանեան քաշած է իր թեկնածութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ըստ եւրոպական մամուլին, ան անցեալին գործակցած է ռումանական ապահովական սպասարկութիւններուն հետ եւ դրամական աջակցութիւն ստացած է գործարարէ մը:
Ոսկանեան կտրուկ կերպով մերժեց այս մեղադրանքները:
Պելճիքական «Լիպր Պելժիք» թերթին համաձայն, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժ. Մանուէլ Պարոսօ, որու իրաւասութեան մէջ կը մտնէ այս պաշտօնի վրայ թեկնածուի մը նշանակումը, կը պաշտպանէ Ռումանիոյ արդարադատութեան նախարար Մոնիքա Մաքովէի թեկնածութիւնը: