ԹԻՖԼԻՍ, «Ինթըրֆաքս».- Վրաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին հաղորդեց, թէ Թիֆլիս կը քննէ Վրաստանի դէմ Ռուսիոյ պարտադրած տնտեսական շրջափակումին հարցով միջազգային ատեանի մը մէջ դատ բանալու կարելիութիւնները, ուր վնասուց հատուցում պիտի պահանջուի Մոսկուայէն:
Անջատ դատ մը պիտի բացուի նաեւ շաբաթասկիզբը Ռուսիայէն Վրաստան արտաքսուած վրացիներուն հարցով:
Յիշեցնենք, թէ Ռուսիա պատժական քայլերու դիմեց, հակադարձելով Վրաստանի ռուսական խարիսխներուն չորս ռուս սպաներու ձերբակալութեան: Նշեալները նախ լրտեսութեամբ ամբաստանուած էին, սակայն աւելի ուշ ազատ արձակուած էին վրացական իշխանութեանց կողմէ: