ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին այցելեց Արարատի մարզի Երասխ բնակավայրի սահմանային շարք մը ուղեկալներ:
Ռուսիոյ դեսպանատունէն հաղորդեցին, որ դեսպանը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան Արարատի սահմանապահ ջոկատի հայ եւ ռուս սահմանապահներուն հետ: