ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մասնակցութեամբ Նոյեմբեր 9ին Ծաղկաձորի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Մալթի ռեսթ» հիւրանոցային համալիրին, որ պիտի սկսի զբօսաշրջիկները ընդունիլ Նոյեմբեր 11էն սկսեալ:
270 զբօսաշրջիկ ընդունելու հնարաւորութիւն ունեցող համալիրը 15 առանձնատուն ունի եւ երկու մասնաշէնք՝ 42 սենեակներով:
ԱԺ պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեանի ուղեկցութեամբ պանդոկի հնարաւորութիւններուն ծանօթանալէ յետոյ, Քոչարեան նշեց, որ Ծաղկաձորի մէջ նման ներդրում վաղուց կը սպասուէր եւ լեռնադահուկային համալիրի կառուցման համար կատարուած ներդրումները անիմաստ կ’ըլլային՝ առանց այսպիսի համալիրներու:
Նշենք, որ Ծաղկաձորի մէջ զբօսաշրջութեան զարկ տալու նպատակով կը կառուցուի ճոպանուղիի չորրորդ գիծը, որ կը ծրագրուի աւարտել Նոյեմբերին:
Ըստ Ծաղկաձորի քաղաքապետ Գարուն Միրզոյեանի, հայ-զուիցերիական գործակցութեամբ մշակուած է Ծաղկաձորի հեռանկարային զարգացման ծրագիրը, որուն նպատակն է մինչեւ 2012 քաղաքը դարձնել 15 հազար զբօսաշրջիկ ընդունելու պատրաստ կեդրոն: