Միջազգային դրուատիքի արժանացած հայ նկարիչ Սամուէլ Համբարձումեանի գործերը պիտի ցուցադրուին Left Coast Galleries ցուցասրահին մէջ, Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2007էն սկսեալ: Հասցէն է 11324 Վենթուրա պողոտայ, Սթիւտիօ Սիթի:
Այս մէկը արուեստագէտին առաջին առանձին ցուցահանդէսն է վերջին երեք տարիներուն: Պիտի ցուցադրուին բազմաթիւ գործեր, որոնց մէկ մասը՝ առաջին անգամ ըլլալով:
Համբարձումեան ունի իւրայատուկ ոճ իր բոլոր գործերուն մէջ՝ իւղաներկ կամ այլ տեսակի: Իր գործերը կը զարդարեն 15 թանգարաններ եւ ցուցասրահներ՝ աշխարհի տարածքին, ինչպէս, Մոսկուայի գեղարուեստի «Փուշքին» թանգարանը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, եւայլն:
1985ին, ան արժանացած է «Լաւագոյն երիտասարդ արուեստագէտ»ի տիտղոսին, Հայաստանի մէջ, ստացած է շքանշաններ Լիթուանիոյ Արուեստի միջազգային համագումարէն (1984), ինչպէս նաեւ Հայաստանի «Տարուան լաւագոյն արուեստի գործը» շքանշանը, որուն արժանացած է ան չորս անգամ՝ 1980ական թուականներէն մինչեւ 2000: