Գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչման առթիւ, ամէն տարի եպիսկոպոսական պատարագ կը մատուցուի եւ որուն կը յաջորդէ եկեղեցւոյ Յիշատակութեան հիմնադրամի ննջեցեալներուն համար յատուկ հոգեհանգստեան պաշտօն, ինչպէս նաեւ դպիրներու կամ սարկաւագներու ձեռնադրութիւն եւ առ ի երախտագիտութիւն՝ հաւատացեալ անդամի մը հրապարակային պարգեւատրումը:
Այս տարի, Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ անուանակոչման 65րդ տարեդարձին առթիւ, Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր, 2006ին, տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական պատարագ, զոր մատուցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Այս առիթով, դպիր ձեռնադրուեցան Լեւոն, Կէրի եւ Ռոպի Գէմգէմեանները: Հետաքրքրական էր եւ միաժամանակ սրտաշարժ, տեսնել Լեւոն Գէմգէմեան հայրը, որուն կ’ընկերանային իր երկու զաւակները՝ Կէրին եւ Ռոպին, որոնք միասնաբար խորանին առջեւ կանգնած, սրբազան հօր յատուկ աղօթքով իրենց մազերուն մկրատումէն ետք ստացան հայ եկեղեցւոյ դպրութեան չորս աստիճանները խորհրդանշող եւ հաստատող եկեղեցւոյ բանալին, աւելը, Սաղմոսաց գիրքն ու վառուած մոմեր:
Ապա առաջնորդ սրբազանը դաս հրաւիրեց եկեղեցւոյ 6 տասնամեակներու կեանքին անսակարկ ծառայող, ներկայ Ծխական խորհուրդի անդամուհի եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի ու եկեղեցւոյ զանազան մարմիններու մէջ գործօն անդամուհիներէն Լիւսիլ Պօղոսեանն ու իր ամուսինը, առ ի գնահատանք ու երախտագիտութիւն՝ ստանալու համար Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի շնորհած Ս. Ներսէս Շնորհալիի շքանշանը, յատուկ կոնդակով:
Կոնդակը ընթերցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշակ քհնյ. Խաչատուրեան:
Իր խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը նախ վեր առաւ պարգեւատրեալ անդամուհի Լուսիլ Պօղոսեանին հայ եկեղեցւոյ եւ անոր բարօրութեան նպաստող ու ծառայող օրինակելի արժանիքները, ցարդ տարած աշխատանքներն ու բերած նպաստը եւ ապա բարի մաղթանքներ փոխանցեց ներկաներուն, միաժամանակ շնորհաւորելով ու գնահատելով Պօղոսեան ընտանիքի բոլոր անդամները:
Նոյն առիթով, սրբազան հայրը օրհնեց նաեւ Ծխական խորհուրդի նոր անդամ Մկրտիչ Թէքէրլէքեանը, որ այս ամիս պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը:
Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ «Ճան Կոկեան» սրահին մէջ, ի պատիւ սրբազան հօր տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 65 ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ:
Ճաշէն ետք, Ծխական խորհուրդի անունով, ատենապետ տոքթ. Սարգիս Մեսրոպեան կրկին անգամ շնորհաւորեց Լուսիլ Պօղոսեանը եւ անոր ընտանիքը:
Սրտի խօսք ուղղեցին նաեւ պարգեւատրեալի 6 թոռները: Ապա եկեղեցւոյ նախկին Ծխական խորհուրդի ատենապետուհի Լիլի Պալեան, իր խօսքին մէջ վեր առնելով Լուսիլ Պօղոսեանի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած ծառայասիրութիւնը, զայն դասեց լուսամիտ, օգտակար, օրինակելի ու տիպար հաւատացեալներու շարքին:
Պալեան թուեց նաեւ Լուսիլ Պօղոսեանի ծխական, թեմական եւ եկեղեցւոյ զանազան մարմիններէ ներս վարած պաշտօններն ու տարած անսակարկ ու նուիրումով շաղուած անգնահատելի աշխատանքները:
Իր կարգին, հայրական խօսքերով առաջնորդ սրբազան հայրը կրկին անգամ օրհնեց օրուան պարգեւատրեալն ու իր ամուսինը ու համայն Պօղոսեան ընտանիքի անդամները: Խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց ու օրհնեց ներկաները, ծխական խորհուրդի անդամները, եկեղեցւոյ տարիներու հոգեւոր հովիւն ու դպրաց դասին բոլոր ծառայողները, տիկնանց ու այլ միութեան ու յարակից մարմիններու անդամները ու յատկապէս Պօղոսեան ընտանիքը:
Սրտի խօսք ուղղեց նաեւ պարգեւատրեալը: Ան յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց թեմի եւ այս եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն ու հոգեւոր պետերուն՝ իր նկատմամբ ունեցած վստահութեան համար:
«Աստուած զիս օրհնած է, որ ես իմ եկեղեցւոյս ծառայեմ հաւատարմօրէն: Դուք այսօր ձեր ներկայութեամբ ինծի համար օրս պատմական դարձուցիք», ամբողջացուց Լուսիլ Պօղոսեան իր խօսքը:
Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանի Եկեղեցիներու տիկնանց միութեան կողմէ շնորհաւորագիր ընթերցեց հանդիսավարը, որմէ ետք Արշակ քհնյ. Խաչատուրեան նախ բարի յիշեց եկեղեցւոյ յարատեւութեան եւ բարգաւաճման ծառայող հին ու նոր անդամներն ու յարակից միութիւնները, որոնց շնորհիւ այս եկեղեցին տարուէ տարի բարգաւաճ դարձած է:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժնի աւարտին, ներկաները կրկին անգամ առիթ ունեցան շնորհաւորելու օրուան մեծարեալն ու անոր ընտանեկան պարագաները: Ձեռնարկը փակուեցաւ տէր հօր «Պահպանի»չով:
Թղթակցութիւնը՝
Ս. Յակոբ Եկեղեցիէն