ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, Սուրիոյ եւ Իրաքի իշխանութիւնները որոշեցին դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատել, գրեթէ քառորդ դարու խզումէ մը ետք, յուսալով աւելի սերտ գործակցութեամբ նպաստել Իրաքը կայունացնելու աշխատանքներուն:
Իրաք այցելող Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլէմ այս գծով համաձայնագիր մը կնքեց Իրաքի իր պաշտօնակից Հոշիար Զեպարիի հետ:
Երկուշաբթի օր, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի եւս հանդիպում մը ունեցաւ Մոալլէմի հետ։ Իրաքի կառավարութեան բանբեր Ալի Տապպաղ յայտարարեց, որ անիկա յաջող ժողով մըն էր։ «Երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու սուրիական կողմի փափաքը մեծ է. անոնք գիտեն, որ Իրաքի մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան ամրապնդումը կը նպաստէ Սուրիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներու մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան ամրապնդումին», ըսաւ ան։
Մինչ այդ, Զեպարի յայտարարեց, թէ Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի Շաբաթ օր Թեհրան պիտի մեկնի, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրին ընդառաջելով, սակայն Սուրիոյ նախագահը ցարդ պատասխան մը չէ տուած հրաւէրին: Իրանի նախագահը Իրաքի ու Սուրիոյ նախագահները Թեհրան հրաւիրած էր, քննելու համար Իրաքը կայունացնելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, իրաքեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ ամերիկեան ուժերու կողմէ Պաղտատի Սատր շրջանին վրայ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած յարձակումի մը զոհ գացած են հինգ քաղաքայիններ, ներառեալ երեխայ մը: Ամերիկացիները նաեւ քանի մը կասկածելիներ ձերբակալած են: