ՊԷՅՐՈՒԹ.- Քիւրտ ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինուորական բանբեր Ռիթուար Խալիլ, «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնած է, որ քիւրտ զինեալները Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութեանց վերաբերեալ քաղաքական ղեկավարութեան որոշումին պիտի ենթարկուին:
Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջանի բանբեր Ճուան Մոհամմետ աւելցուցած է, որ քրտական երեք շրջաններու՝ Ճազիրայի, Այն Արապի եւ Աֆրինի մէջ, նախագահական ընտրութիւններ կատարելու հարցը տակաւին չէ վճռուած՝ աւելցնելով, որ նշեալ շրջաններու կառավարման պատասխանատու քրտական խորհուրդները այս հարցը կը սերտեն եւ որոշումը պիտի որդեգրեն բոլոր ուժերուն միաձայնութեամբ:
Մինչ այդ, Սուրիոյ Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, որ վաւերացուցած է դիմումները Սուրիոյ նախագահութեան երեք թեկնածուներու, որոնք են՝ Մահեր Հաճճար, Հասան Ապտալլա Նուրի եւ Պաշշար Հաֆեզ Ասատ:
Դատարանը ընդգծեց, որ այդ անունները նախնական են եւ պէտք է սպասել վերջնական յայտարարութեան, որ պիտի կատարուի նշեալ որոշումի վիճարկման դիմումներու քննութեանց արդիւնքներուն լոյսին տակ: Նշենք, որ նախագահութեան թեկնածուներուն թիւը հասած էր 24ի, որոնց շարքին էին երկու կիներ եւ քրիստոնեայ մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.