ՄԱՏՐԻՏ.- Սպանական »Փայիս« օրաթերթին Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արքատի Ղուկասեան անգամ մը եւս շեշտեց, թէ հակամարտութեան լուծում գտնելու համար Արցախ եւս բանակցող կողմ պէտք է ըլլայ:
Ան շեշտեց, թէ Արցախ պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ բանակցելու Հայաստանի հետ կամ առանց անոր եւ աւելցուց, թէ Արցախը բանակցութեանց սեղանէն հեռու պահելու Պաքուի փորձերը ցոյց կու տան, թէ ան հետաքրքրուած չէ տագնապին դիւանագիտական լուծում մը գտնելու աշխատանքներով եւ միայն քարոզչութեամբ կը զբաղի: