Արցախի իշխանութիւնները խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման վայր Իւանեանի մէջ ատրպէյճանական կողմին հետ հանդիպում ունենալու առաջարկ փոխանցեցին Պաքուին` «խաղաղապահներու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ մարդասիրական բնոյթի անյետաձգելի հարցեր քննարկելու համար»:
Ըստ Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեանի՝ իրենք կ՛ուզեն քննարկել գրեթէ բոլոր հարցերը` ճամբու հարցէն մինչեւ կազամատակարարում հարցը:
«Հումանիտար (մարդասիրական) հարցերը վերաբերում են էլեկտրաէներգիայի մատակարարման վերականգնմանը, գազամատակարարման վերականգնմանը, ճանապարհի ապաշրջափակմանը, այսինքն` այն ենթակառուցուածքային եւ հումանիտար հարցերը, որոնք հրատապ կանգնած են մեր ճգնաժամը վերացնելու համար», ըսաւ ան:
Յայտնենք, որ վերջին անգամ Մարտի սկիզբը կապ հաստատուեցաւ Պաքուի ու Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներուն միջեւ, անկէ գրեթէ մէկուկէս ամիս ետք Ստեփանակերտը կ՛առաջարկէ դարձեալ խօսիլ այս մասին: Ինչո՞ւ ճիշդ հիմա. Կա՞յ յստակ պատճառ՝ «Ազատութիւն»ը այս մասին հարցուց Յարութիւնեանին, որ ըսաւ, թէ առաջարկին պատճառը ընդամէնը Արցախի մէջ ճգնաժամը մեղմելու անհրաժեշտութիւնն է:
Արցախ շրջափակուած է արդէն առաւել քան 120 օրերէ ի վեր. վերջին շաբաթներուն չկայ նաեւ կազ, եւ կը շարունակուին ելեկտրականութեան անջատումները:
«Դրանք այսօր ճգնաժամ են առաջացրել Արցախում, եւ մենք յայտնել ենք, որ մենք պատրաստ ենք շփումներ իրականացնելու, բայց այդ հարցերի շուրջ, այսինքն` այն ենթակառուցուածքային եւ հումանիտար հարցերը, որոնք հրատապ լուծումներ են այսօր պահանջում», մանրամասնեց Յարութիւնեան:
Երկու շաբաթ առաջ, Ստեփանակերտը մերժեց Ատրպէյճանի՝ Պաքուի մէջ հանդիպում ունենալու եւ «համարկման հարցեր քննարկելու» առաջարկը: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց առաջարկը` յիշեցնելով, որ պատրաստ են հանդիպում ունենալ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ միայն Արցախի մէջ եւ ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ: