ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրին եւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան Յունիս 20ին ստորագրեցին երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ կնքուած՝ թմրադեղերու հսկողութեան եւ իրաւապահ ոլորտին մէջ գործակցութեան համաձայնագիրին մէջ լրացում կատարելու մասին հինգերորդ արձանագրութիւնը:
Համաձայն այս արձանագրութեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Հայաստանի կառավարութեան պիտի տրամադրէ 1 միլիոն 616.9 հազար տոլարի յաւելեալ աջակցութիւն, որ պիտի յատկացուի վեց՝ մնայուն խորհրդատուի, մարդկային մաքսանենգութեան դէմ պայքարի, քրէափորձագիտական հաստատութեան ձեւաւորման, ամերիկեան փաստաբաններու ընկերակցութեան կեդրոնական ու Արեւելեան եւրոպական իրաւունքի նախաձեռնութեան քրէական իրաւունքի բարեփոխումներու, ֆինանսական դիտարկումներու կեդրոնի ձեւաւորման եւ «Փրոճէքթ Հարմոնիի» Հայաստանի ծրագիրներու իրականացման:
Նշենք, որ ԱՄՆ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ կնքուած՝ թմրադեղերու հսկողութեան եւ իրաւապահ ոլորտին մէջ գործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է 2001ի Յունիսին:
Գլխաւոր դատախազը յոյս յայտնեց, որ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ տրամադրուող այս աջակցութիւնը պիտի նպաստէ ոչ միայն դատախազութեան, այլեւ Հայաստանի ամբողջ իրաւական համակարգի բարեփոխումներուն:
ԱՄՆ հաւատարմատարը նկատեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած են աւելի շատնալ անդրազգային յանցագործութիւնները, հետեւաբար՝ աւելի անհրաժեշտութիւն կ’առաջանայ իրաւական համակարգերը զարգացնելու համար. «Միացեալ Նահանգներն ու Հայաստանն արդէն վեցերոդ տարին է, ինչ համագործակցում են այս ոլորտում: ԱՄՆն ակնկալում է Հայաստանի իրաւապահների հետ երկար եւ արդիւնաւէտ աշխատանք», ըսաւ ան:
Համաձայնագրի ստորագրութենէն յետոյ տեղի ունեցաւ գլխաւոր դատախազի եւ ԱՄՆ հաւատարմատարի ճեպազրոյցը: