Wednesday, August 2, 2023
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
NEWSLETTER
Aug. 2, 2023 PDF
ENG
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Յօդուածներ
No Result
View All Result
Asbarez - Armenian
ENG
No Result
View All Result
Home Գլխաւոր Լուրեր

«Սփիւռքը Որոշ Ժամանակի Կառավարման Համակարգէն Հիասթափութիւն Ապրելով՝ Երես Պէտք Չէ Դարձնէ Հայաստանէն»

by Asbarez Staff
August 10, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան, Հարցազրոյց, Յօդուածներ, Պատկերաւոր Լուրեր
0

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊՌՈՇԵԱՆ ԳԻՒՂԻ «ՀԵՐՈՍՆԵՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂ ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑԻ (ՅԱԿՈԲԵԱՆ) ՀԵՏ

Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

Գէորգ Թորոյեան յատուկ «Ասպարէզ»ի համար հարցազրոյց մը ունեցաւ Պռոշեան գիւղին մէջ գտնուող «Հերոսների վերականգնողական քաղաք»ի նախաձեռնող Սուրէն Արեենցի հետ:

Ստորեւ՝ հարցազրոյցը.

Սուրէն Արեենց

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պրն. Սուրէն, նախ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնէք, թէ ի՛նչ է «Հերոսների վերականգնողական քաղաք»ը:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Նախ շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար, որովհետեւ Սփիւռքի մամուլը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար, որովհետեւ Հայաստանը առանց Սփիւռքի եւ Սփիւռքը առանց Հայաստանի գոյութիւն չեն կրնար ունենալ:

Պատերազմէն ետք, երբ իմացանք, որ ֆիզիքապէս վիրաւորներու թիւը աւելի քիչ է քան հոգեբանական վնաս ունեցող զինուորներու քանակը՝ մեր խմբակը, որ պատերազմին ընթացքին վիրահատական պարագաներ եւ դեղորայք կը հասցնէր սահմանը, որոշեց հոգեբանական մասնագիտացուած կեդրոն մը հիմնել: Սփիւռքահայեր, որոնք պատերազմի օրերուն մեզի կ՛աջակցէին, մեզի նուիրեցին հողակտոր մը, ուր հիմք դրինք Հայաստանի մէջ առաջին անգամ նեղ մասնագիտական-հոգեբանական կեդրոնի մը: Կեդրոնը նոր ձեւաչափ է Հայաստանի համար. այստեղ ընկերային ծրագիրներու, վերականգնողական, ընդհանուր նոր ապրելակերպի հետ զուգահեռ, հոգեբանական եւ հոգեվերականգնողական  ծառայութիւններ կը մատուցենք, պատերազմին մասնակցողներուն, զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն եւ անոնց, որոնք հոգեբանական հարցը յառաջ եկած է պատերազմին ընթացքին կամ պատերազմական գործողութիւններու պատճառով: Խօսքը 12,000 եւ աւելի մարդոց մասին է: Այս թիւին մէջ չեն ներառնուած հասարակ քաղաքացիները կամ զինուորական հրամանատարական կազմը:

Կեդրոնի առաջին բացումը կատարեցինք  25 Դեկտեմբեր 2021ին եւ եօթը ամսուան մէջ յաջողեցանք ունենալ 165 քառ .մեթր շինութիւն, ուր ամսական 150 պարագաներ հոգեբանական եւ հոգեբուժական ծառայութիւններ ստացած են: 2022ին, մենք բացինք տարածաշրջանին մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող թուայնացուած եռաչափ վախերու կառավարման Քեարամ Սլոյեանի անուան սենեակը եւ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ հիմը դրուեցաւ հոգեբանական թուայնացուած բուժման, այս ձեւով, մենք կրցանք բուժման ընթացքը արագացնել: Կեդրոնը ունի նաեւ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ, այլ խօսքով ամէն ինչ կ՛օգտագործենք ՝մարդու ջղային համակարգը հանգստացնելու համար: Պատերազմէն ետք, թիւր կարծիք կար, որ մարդը եթէ ոտքի վրայ է եւ գանգատ չունի, բայց ինքզինք հանգիստ չզգար, այդ մէկը բնական է եւ հարց չկայ: Նոյնիսկ Հայաստանի առողջապահական համակարգին մէջ հոգեբանի դերակատարութեան մասին դրոյթ չկայ, այսինքն՝ օրէնսդրական շատ բացեր կան:  Կեդրոնը պետութեան հետ կ՛աշխատի, որպէսզի կարենանք հոգեբանական բուժումը հասցնել նոր մակարդակի: Այսօր, մեր առաջնահերթ հարցը հացատունը աւարտելն է, հոգեկան բուժման ջրվէժը, որպէսզի ֆոնտեր բանանք նոր շէնքի մը համար, ուր մարզերէն եկողներուն համար մէկ-երկու ամիսով գիշերելու հնարաւորութիւն կը տրուի, որպէսզի 24ժամեայ վերահսկողութեան տակ գտնուին: Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ Արէն Մեհրապեանի անուան գրադարան, որովհետեւ մենք կրթութեամբ ալ պիտի պայքարինք եւ հոգեբանական բուժումը կարելի չէ առանց մտաւոր զարգացման:

Կեդրոնը պիտի ունենայ նաեւ IT ոլորտի բաժանմունք, եւ այն զինուորները, որոնք պատերազմէն ետք վերապատրաստուած են, թէ՛ իրենք աշխատանք կ՛ունենան եւ թէ կեդրոնը նիւթապէս եկամուտ կը սկսի ունենալ:

Այստեղ ունինք նաեւ մեծ այգի՝ 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ: Հոգեբանական արդի բուժման մէջ բնութիւնը կարեւոր դերակատար է եւ առանց անոր մարդը չի կրնար ամբողջական կեանքին մէջ մտնել: Կեդրոնին նպատակն է՝ նաեւ մարզերուն մէջ ունենալ փոքր մասնաճիւղեր եւ զինուորները առանց Պռոշեան գալու, պիտի միանան մեր VR ցանցին, որ համաշխարհային առողջապահութեան կեդրոնին միացուած է, եւ այս ձեւով բուժումները կրնանք բազմապատկել:

Ծրագրած ենք 2023ի վերջաւորութեան աւարտել ամբողջ ծրագիրը՝ այսինքն կեդրոնը ամբողջական ձեւով պիտի սկսի աշխատիլ եւ այդ պարագային ամսական բուժումը կը հասնի 300ի, որ Հայաստանեան չափանիշով մեծագոյն թիւն է:


ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ո՞վ է այս նախաձեռնութեան մտայղացողը, ո՞վ կամ որո՞նք կը ֆինանսաւորեն, ուրկէ՞ կամ ինչպէ՞ս կը գոյանայ ձեր պիւտճէն:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Կեդրոնը հիմնելու գաղափարը ծագեցաւ պատերազմէն ետք, մեր խմբակին կողմէ: Ծրագիրը սկսանք 250,000 դրամով, որ մնացած էր պատերազմի ընթացքին եկած օգնութիւններու ֆոնտէն, եւ ունէինք նուէր ստացած 5600 քառ. Մեթր տարածքով այս հողը: Մնացեալ ամէն ինչը մենք կրցանք հաւաքել եօթը ամսուան ընթացքին մուրացկանութեամբ, մեր սփիւռքահայ ընկերներուն եւ Հայաստանցի մեր գործարարներուն միջոցով, որոնք փոքր գումարներով (5, 10 տոլարներով) ինչպէս նաեւ հայաստանեան շինարարական ընկերութիւններու արտադրանքի ներդրումով եւ «Ֆէյսպուք»ի միջոցով դրամահաւաքներով, այսօր արդէն յաջողած ենք 320,000 տոլարի ներդրում կատարել: Արդէն աշխատավարձի ֆոնտ յայտարարած ենք, եւ մարդիկ իրենց փոքրիկ լուման կը նուիրեն մեզի: Եւ բոլոր նուիրատուները տեսան, որ մենք խաբէութեամբ չենք զբաղած եւ մեր թափանցիկ աշխատանքը վստահութիւն ներշնչեց բոլորին:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պետութիւնը նիւթապէս կ՛օժանդակէ՞ այս ծրագիրին, կամ ընդհանրապէս, համագործակցութիւն կա՞յ պետութեան տարբեր գերատեսչութիւններուն հետ:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Այս պահուն, պետութիւնը չի կրնար ունենալ որեւէ տեսակի ներդրում, որովհետեւ օրէնսդրութեամբ կը բացակայի հոգեբանական բուժման դրոյթը: Մենք ներկայիս, այդ գծով ալ աշխատանք կը տանինք, որպէսզի օրէնսդրութեան մէջ անցնի նաեւ հոգեբանական բուժումը ոչ միայն մեր կեդրոնին համար, այլ ընդհանրապէս, ինչպէս մարմնական բուժման պարագային է: Մենք նաեւ աշխատանք կը տանինք, որ պետութեան մտածողութեան մէջ փոփոխութիւն մտնէ, որովհետեւ փրոթեզաւորում (մարմինի կեղծ՝ շինծու անդամ) ստացած զինուորը չի կրնար առանց հոգեբանական բուժման ինքզինք ամբողջական մարդ զգալ: Միայն շրջակայ միջավայրի նախարարութեան կողմէ եղաւ 1,000,000  դրամի ներդրում, եւ մարզպետարանը մեզի թղթաբանական դժուարութիւնններ չյարուցեց:  Ինչպէս նաեւ պետութիւնը օժանդակեց ճամբու ասֆալթապատումը կատարելով եւ խմելու ջուր ապահովելով:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւն կա՞յ:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.-  Կը համագործակցինք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ. հարիւրաւոր նամակներ ուղարկած ենք եւ հազարաւոր հեռաձայններ կատարած, որոնցմէ ետք սկսան յայտնուիլ թեթեւ հետաքրքրութիւն եւ տարբեր չափի օժանդակութիւններ: Յուրախութիւն մեր ընթերցողներուն՝ ըսեմ, որ Համահայկական հիմնադրամը արձագանգած է, թէեւ տակաւին չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր կրնան հասնիլ բանակցութիւնները: Շատ հաւաբանար ֆինանսաւորեն, որ կեդրոնը արեւային ջեռուցման համակարգ ունենայ: Կան բազմաթիւ շինարարական ընկերութիւններ, որոնք մեր կողքին են: Կեդրոնը որդեգրած է երեք հիմնական սկզբունքներ.

 Ա. Չունենալ կուսակցական որեւէ ուղղուածութիւն եւ չվերցնել որեւէ կուսակցութենէ գումար, եթէ այդ գումարը պիտի ծառայէ կուսակցութեան քարոզչութեան: Բայց եթէ կան կուսակցութիւններ, որոնք լուռ ու մունջ գումար տան՝ ի շահ զինուորին, մենք շնորհակալ կ՛ըլլանք:

 Բ. Չունենալ հոգեւոր ուղղուածութիւն: Պահպանել սահմանադրականօրէն ընդունուած քրիստոնէութիւնը, ունենալ գրադարանին մէջ Աստուածաշունչներ, բայց ոչ մէկուն չպարտադրել որեւէ կրօնական ուղղուածութիւն:

 Գ. Սեռային այլ կողմնորոշում ունեցողներու պաշտպան կազմակերպութիւններու հետ երբեք չգործակցիլ. ունեցած ենք գայթակղիչ առաջարկներ, որոնց միջոցով կարելի էր մէկ օրուան մէջ կեդրոնը կառուցել, բայց մերժեցինք եւ պիտի մերժենք: Բարեբախտաբար, թէ՛ Սփիւռքի մէջ եւ թէ այստեղ. բազմաթիւ անձնաւորութիւններ մեր կողքին են, եւ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք որ մարդոց վստահութիւնը վերականգնի ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ ներդրում ընելու համար: Պատերազմէն ետք, մեր կեդրոնը յոյս եւ լոյս էր նման մարդոց համար, եւ աւելցնեմ, որ մեր կեդրոնի նուիրատուները ոչ թէ մէկ, այլ բազմաթիւ անգամներ նուիրատուութիւններ կը կատարեն, հոգ չէ թէ՝ փոքր գումարներ, եւ այդ ձեւը մեզի համար աւելի ձեռընտու է:

Այս տարի, պատերազմի մասնակցած զինուորները կը պատրաստեն կեդրոնի մասին ֆիլմ մը:

Պատերազմի աւարտի յուզականութեան խորապատկերին հիման վրայ նուիրատուութիւն ընող ընկերութիւնները այսօր, պատերազմի աւարտէն մէկուկէս տարի ետք, տեսնելով մեր աշխատանքին արդիւնքը՝ կը շարունակեն իրենց նուիրատուութիւնները:

Արդէն կը համագործակցինք Sante Armenien կազմակերպութեան հետ, որ կրնայ լուծել մեր աշխատավարձերու հարցը: Անոնք աշխատավարձերու հարցին կը գիտակցին եւ զայն կրնան լուծել արտասահմանեան ընկերութիւնները, որոնք աւելի արհեստավարժ մօտեցում ունին այս հարցին նկատմամբ:

Կը համագործակցինք նաեւ օտար ընկերութիւններու հետ. ճիշդ է՝ սերտ չէ կապը, բայց միշտ կապի մէջ ենք անոնց հետ, որոնք իրենց մասնագիտական արտադրութիւնները մեծ զեղջերով կու տան մեզի: Այս թոյլ կապի գլխաւոր պատճառը այն է, որ մենք զինուորներուն չենք լուսանկարեր եւ իրենց համար անհասկնալի է, թէ ինչպէս ֆինանսաւորել նման կեդրոն մը:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կեդրոնը քանի՞ պաշտօնեայ ունի եւ ի՞նչ դրութեամբ կը գործեն: 

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Կեդրոնը կը կառավարուի կառավարման խորհուրդով մը: Կայ հիմնադիրներու ժողովը, որուն մէջ կան տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր, նոյնիսկ կայ կառավարման խորհուրդի անդամ բանուոր մը, իսկ նախագահը Վազգէն սրբազանն է: Կան բժիշկներ, հոգեբաններ. չկան քաղաքական գործիչներ եւ չկան կուսակցութեան անդամներ:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կամաւորներ կու գան եւ կ՛աշխատի՞ն:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Այո, այս տարի Միացեալ Նահանգներէն ունինք կամաւորական խումբ մը, որ այցելեց կեդրոնը եւ այնտեղ, 15 օր թէ ֆիզիքական եւ թէ ստեղծագործական աշխատանք տարին: Տարբեր աշխատանքներու համար յաճախ կ՛ունենանք կամաւորներ: Նոյնիսկ մասնագիտական առումով կ՛ունենանք կամաւորներ` թարգմանիչներ, հոգեբաններ եւ այլն: Նոյնիսկ, նոր շէնքի յատակագիծը կամաւորական դրութեամբ եղած է: Ունինք կամաւորներ, որոնք անվճար դասեր կու տան կեդրոնին մէջ: Կեդրոնի բոլոր աշխատանքները կատարելու համար, մեզի անհրաժեշտ է ամսական 3,600,000 դրամ. կամաւորներու շնորհիւ, այդ ծախսը 1000 տոլարով կը փակենք:


ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Քարոզչական ի՞նչ միջոցներ կ՛օգտագործէք ձեր այս կեդրոնը ծանօթացնելու համար:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Կեդրոնը որդեգրած է բաց եւ թափանցիկ կառավարման եւ քարոզչութեան դրութիւն, այսինքն՝ պատկերասփիւռ, առցանց հարթակ, տպագիր մամուլ, ճամբաները տեղադրուած վահանակներ (նոյնիսկ մեթրոյի կայարաններուն մէջ տեղադրուած են գովազդները) եւ այլն, եւ այս բոլորը նոյնպէս կամաւորական սկզբունքով են. շուտով SMS հաղորդագրութիւններ պիտի ըլլան եւ տեսահոլովակներ պատրաստուած են: Ամէն տեղ կը տարուի քարոզչական աշխատանք՝ նշելով, որ հոգեբանական հարցը մահ չի նշանակեր եւ ի պատիւ ինծի, մարդիկ սկսած են հասկնալ, որ ասիկա խենթանոց չէ, այլ այստեղ կան ջղային համակարգի կամ հոգեբանական հարցեր ունեցող մարդիկ: Ասիկա պարզապէս վերականգման ծրագիր է: Այս գլխացաւի նման հիւանդութիւն մըն է, որ կարելի է բուժել, եթէ ճիշդ ժամանակին դիմուի հոգեբանին:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Քանի՞ հոգեբաններ ունիք:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.- Ներկայիս հինգ լիարժամ գործող հոգեբաններ ունինք՝ մէկ հոգեբուժ եւ չորս հոգեբան, իսկ կեդրոնի աշխատանքը մեծնալու պարագային, մենք ունինք բաւարար մարդուժ` 15 վերապատրաստուած հոգեբաններ:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Վիրաւոր զինուորներու ֆիզիքական հարցերու բուժման հետ դուք առընչութիւն ունի՞ք:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.-  Ոչ: Օրէնսդրութեամբ այնպէս գրուած է, որ Հերոսների Վերականգնողական Քաղաք նախագիծի ծիրին մէջ, ֆիզիքական վերականգնում պիտի չկատարուի: Բարեբախտաբար Հայաստանի մէջ գործող բժշկական կեդրոնները այդ հարցը յաջողած են լուծել: Այս կեդրոն մըն է, որուն աշխատանքը նուիրուած է մարդու հոգիի վերականգման:

ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ընդհանրապէս, Սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու նուիրատուներէն ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք:

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԵԵՆՑ.-  Ես բոլորէն կը խնդրեմ անտարբեր չըլլալ ընդհանրապէս Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ: Ես միշտ կը շեշտեմ, որ երկու ընկալումներ պէտք է ըլլան: Սփիւռքը պէտք է հասկնայ, որ Հայաստանը այն երկիրն է, ուր ինքզինք բոլորովին ազատ կրնայ զգալ, անկախ քաղաքական, ռազմական, կուսակցական դրութիւններէն, իսկ Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ Սփիւռքը միակ վայրն է, ուր ինք կրնայ դիմել, երբ զինք նեղ կացութեան կը մատնեն: Այս գիտակցութիւնը երկուստեք պէտք է պահպանենք:

Սփիւռքը անհատներու խաբէութիւններէն կամ որոշ ժամանակի կառավարման համակարգէն հիասթափութիւն ապրելով՝ երես պէտք չէ դարձնէ Հայաստանէն, այլապէս ինք վերացման վտանգին առջեւ պիտի գտնուի: Իշխանութիւնները կու գան եւ կ՛երթան, բայց պետութիւնը եւ պետականութիւնը պիտի պահպանենք: Այս առումով, ներդրումները պէտք է շարունակել կատարել եւ աւելի մեծ ծաւալով: Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայութենէն կը խնդրեմ, որ իրենց նուիրատուութիւնները կատարեն ճիշդ հասցէներու եւ ըլլան հետեւողական: Խնդրանքս է, որ Հերոսների Վերականգնողական Քաղաքին շարունակեն նուիրել իրենց լուման: Չմտածեն մեծ գումարներով օգնել, այլ փոքր, բայց ամսական կամ շաբաթական դրութեամբ շարունակեն օժանդակել մեր կեդրոնին:

Շնորհակալ եմ «Ասպարէզ» օրաթերթին, որ աւելի հին է քան Ատրպէյճան պետութիւնը եւ կը մաղթեմ աւելի երկար կեանք «Ասպարէզ»ին, յուսալով որ օր մը անոր էջերէն կը կարդանք Ատրպէյճան պետութեան վերացման մասին:

Շնորհակալ եմ ձեր անդրադարձին համար, որովհետեւ մեր կեդրոնի քարոզչութեան մէջ մամուլի դերակատարութիւնը շատ մեծ է եւ այս արձագանգով դուք շատ մեծ ներդրում ունեցաք մեր կեդրոնին համար, որուն արդիւնքները, վստահ եմ, շուտով կը տեսնենք:

ShareTweet
Asbarez Staff

Asbarez Staff

Next Post
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Յայտարարութիւնը՝ Բերձորի, Աղաւնոյի Եւ Ներքին Սուսի Յանձնման Վերաբերեալ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Յայտարարութիւնը՝ Բերձորի, Աղաւնոյի Եւ Ներքին Սուսի Յանձնման Վերաբերեալ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Recommended

Հոլտըն ՀԵԴի Երկու Ճամբարներուն Համար 2 Միլիոն Տոլար Ապահովեց

Հոլտըն ՀԵԴի Երկու Ճամբարներուն Համար 2 Միլիոն Տոլար Ապահովեց

6 hours ago
Եւրոպական Առաքելութիւնը Սիւնիքի Մէջ Իր Երկրորդ Գրասենեակը Բացաւ

Եւրոպական Առաքելութիւնը Սիւնիքի Մէջ Իր Երկրորդ Գրասենեակը Բացաւ

6 hours ago

Connect with us

  • About
  • Advertising
  • Subscribe
  • Contact

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

No Result
View All Result
  • Home
  • Հայաստան
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Գաղութի Կեանքէն
  • Գաղութներ
  • Սիւնակներ
    • ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
    • ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
    • ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
    • Սասունեանի Անկիւնը
    • ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
    • ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.

Accessibility

Accessibility modes

Epilepsy Safe Mode
Dampens color and removes blinks
This mode enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
Visually Impaired Mode
Improves website's visuals
This mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
Cognitive Disability Mode
Helps to focus on specific content
This mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
ADHD Friendly Mode
Reduces distractions and improve focus
This mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
Blindness Mode
Allows using the site with your screen-reader
This mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.

Online Dictionary

    Readable Experience

    Content Scaling
    Default
    Text Magnifier
    Readable Font
    Dyslexia Friendly
    Highlight Titles
    Highlight Links
    Font Sizing
    Default
    Line Height
    Default
    Letter Spacing
    Default
    Left Aligned
    Center Aligned
    Right Aligned

    Visually Pleasing Experience

    Dark Contrast
    Light Contrast
    Monochrome
    High Contrast
    High Saturation
    Low Saturation
    Adjust Text Colors
    Adjust Title Colors
    Adjust Background Colors

    Easy Orientation

    Mute Sounds
    Hide Images
    Virtual Keyboard
    Reading Guide
    Stop Animations
    Reading Mask
    Highlight Hover
    Highlight Focus
    Big Dark Cursor
    Big Light Cursor
    Navigation Keys

    Asbarez - Armenian Accessibility Statement

    Accessibility Statement

    • asbarez.am
    • August 2, 2023

    Compliance status

    We firmly believe that the internet should be available and accessible to anyone, and are committed to providing a website that is accessible to the widest possible audience, regardless of circumstance and ability.

    To fulfill this, we aim to adhere as strictly as possible to the World Wide Web Consortium’s (W3C) Web Content Accessibility Guidelines 2.1 (WCAG 2.1) at the AA level. These guidelines explain how to make web content accessible to people with a wide array of disabilities. Complying with those guidelines helps us ensure that the website is accessible to all people: blind people, people with motor impairments, visual impairment, cognitive disabilities, and more.

    This website utilizes various technologies that are meant to make it as accessible as possible at all times. We utilize an accessibility interface that allows persons with specific disabilities to adjust the website’s UI (user interface) and design it to their personal needs.

    Additionally, the website utilizes an AI-based application that runs in the background and optimizes its accessibility level constantly. This application remediates the website’s HTML, adapts Its functionality and behavior for screen-readers used by the blind users, and for keyboard functions used by individuals with motor impairments.

    If you’ve found a malfunction or have ideas for improvement, we’ll be happy to hear from you. You can reach out to the website’s operators by using the following email

    Screen-reader and keyboard navigation

    Our website implements the ARIA attributes (Accessible Rich Internet Applications) technique, alongside various different behavioral changes, to ensure blind users visiting with screen-readers are able to read, comprehend, and enjoy the website’s functions. As soon as a user with a screen-reader enters your site, they immediately receive a prompt to enter the Screen-Reader Profile so they can browse and operate your site effectively. Here’s how our website covers some of the most important screen-reader requirements, alongside console screenshots of code examples:

    1. Screen-reader optimization: we run a background process that learns the website’s components from top to bottom, to ensure ongoing compliance even when updating the website. In this process, we provide screen-readers with meaningful data using the ARIA set of attributes. For example, we provide accurate form labels; descriptions for actionable icons (social media icons, search icons, cart icons, etc.); validation guidance for form inputs; element roles such as buttons, menus, modal dialogues (popups), and others. Additionally, the background process scans all of the website’s images and provides an accurate and meaningful image-object-recognition-based description as an ALT (alternate text) tag for images that are not described. It will also extract texts that are embedded within the image, using an OCR (optical character recognition) technology. To turn on screen-reader adjustments at any time, users need only to press the Alt+1 keyboard combination. Screen-reader users also get automatic announcements to turn the Screen-reader mode on as soon as they enter the website.

      These adjustments are compatible with all popular screen readers, including JAWS and NVDA.

    2. Keyboard navigation optimization: The background process also adjusts the website’s HTML, and adds various behaviors using JavaScript code to make the website operable by the keyboard. This includes the ability to navigate the website using the Tab and Shift+Tab keys, operate dropdowns with the arrow keys, close them with Esc, trigger buttons and links using the Enter key, navigate between radio and checkbox elements using the arrow keys, and fill them in with the Spacebar or Enter key.Additionally, keyboard users will find quick-navigation and content-skip menus, available at any time by clicking Alt+1, or as the first elements of the site while navigating with the keyboard. The background process also handles triggered popups by moving the keyboard focus towards them as soon as they appear, and not allow the focus drift outside of it.

      Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Disability profiles supported in our website

    • Epilepsy Safe Mode: this profile enables people with epilepsy to use the website safely by eliminating the risk of seizures that result from flashing or blinking animations and risky color combinations.
    • Visually Impaired Mode: this mode adjusts the website for the convenience of users with visual impairments such as Degrading Eyesight, Tunnel Vision, Cataract, Glaucoma, and others.
    • Cognitive Disability Mode: this mode provides different assistive options to help users with cognitive impairments such as Dyslexia, Autism, CVA, and others, to focus on the essential elements of the website more easily.
    • ADHD Friendly Mode: this mode helps users with ADHD and Neurodevelopmental disorders to read, browse, and focus on the main website elements more easily while significantly reducing distractions.
    • Blindness Mode: this mode configures the website to be compatible with screen-readers such as JAWS, NVDA, VoiceOver, and TalkBack. A screen-reader is software for blind users that is installed on a computer and smartphone, and websites must be compatible with it.
    • Keyboard Navigation Profile (Motor-Impaired): this profile enables motor-impaired persons to operate the website using the keyboard Tab, Shift+Tab, and the Enter keys. Users can also use shortcuts such as “M” (menus), “H” (headings), “F” (forms), “B” (buttons), and “G” (graphics) to jump to specific elements.

    Additional UI, design, and readability adjustments

    1. Font adjustments – users, can increase and decrease its size, change its family (type), adjust the spacing, alignment, line height, and more.
    2. Color adjustments – users can select various color contrast profiles such as light, dark, inverted, and monochrome. Additionally, users can swap color schemes of titles, texts, and backgrounds, with over 7 different coloring options.
    3. Animations – epileptic users can stop all running animations with the click of a button. Animations controlled by the interface include videos, GIFs, and CSS flashing transitions.
    4. Content highlighting – users can choose to emphasize important elements such as links and titles. They can also choose to highlight focused or hovered elements only.
    5. Audio muting – users with hearing devices may experience headaches or other issues due to automatic audio playing. This option lets users mute the entire website instantly.
    6. Cognitive disorders – we utilize a search engine that is linked to Wikipedia and Wiktionary, allowing people with cognitive disorders to decipher meanings of phrases, initials, slang, and others.
    7. Additional functions – we provide users the option to change cursor color and size, use a printing mode, enable a virtual keyboard, and many other functions.

    Browser and assistive technology compatibility

    We aim to support the widest array of browsers and assistive technologies as possible, so our users can choose the best fitting tools for them, with as few limitations as possible. Therefore, we have worked very hard to be able to support all major systems that comprise over 95% of the user market share including Google Chrome, Mozilla Firefox, Apple Safari, Opera and Microsoft Edge, JAWS and NVDA (screen readers), both for Windows and for MAC users.

    Notes, comments, and feedback

    Despite our very best efforts to allow anybody to adjust the website to their needs, there may still be pages or sections that are not fully accessible, are in the process of becoming accessible, or are lacking an adequate technological solution to make them accessible. Still, we are continually improving our accessibility, adding, updating and improving its options and features, and developing and adopting new technologies. All this is meant to reach the optimal level of accessibility, following technological advancements. For any assistance, please reach out to