ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրատարակութեան կը պատրաստուի Սփիւռքի եւ Հայաստանի արդի բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններու անգլերէն թարգմանութեամբ ժողովածուն: Գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն հայերէն բառերը եւ տողացի անգլերէն թարգմանութիւնը:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան եւ նշեց, որ գիրքին մէջ տեղ գտած են այն բանաստեղծներու գործերը, որոնք անկախութեան տարիներէն յետոյ բանաստեղծութեան ասպարէզին մէջ որոշ վաստակ ունին: «Ստեղծում ենք ժողովածու, որը պատկերացում կու տայ իւրաքանչիւր բանաստեղծի գեղարուեստական աշխարհի մասին», նշեց ՀԳՄ նախագահը:
Ժողովածուն պիտի հրատարակուի Համահայկական գրական հիմնադրամի միջոցներով: