Ս. Էջմիածնի դիւանը երէկ հաղորդեց, թէ Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի (Հ1) եւ հեռատեսիլի «Շողակաթ» ընկերութեան միացեալ ճիգերով, Շաբաթ, Յունուար 6ին, Ս. Ծննդեան պատարագը ուղղակի պիտի սփռուի Հ1 կայանէն՝ նաեւ արբանեակային դրութեամբ:
Այս ձեւով, Սփիւռքի մէջ, բոլոր անոնք, որոնք արբանեակային ցանցին միացած են եւ Հ1ը ունին իրենց կայաններուն վրայ, պիտի կարենան ուղղակի դիտել Ս. Ծննդեան պատարագը, որ պիտի մատուցուի Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ:
Սփռումը Հայաստանի եւ ԼՂՀի մէջ պիտի սկսի տեղական ժամանակով Շաբաթ առաւօտեան ժամը 10:30ին, իսկ Կրինիչի ժամանակով՝ առաւօտեան 6:30ին:
Ստորեւ ցուցակը աշխարհագրական շրջաններու ժամանակացոյցին, բոլորը իրենց տեղական ժամանակով.-
Մ. ԱՐԵՒԵԼՔ.- Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան եւ Իսրայէլ՝ Յունուար 6, առաւօտեան 8:30ին: Քուէյթ եւ Իրաք՝ 9:30ին: Իրան՝ ժամը 10ին: Արաբական միացեալ էմիրութիւններ՝ 10:30ին:
ԵՒՐՈՊԱ.- Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Աւստրիա, Զուիցերիա, Իտալիա, Սպանիա, Հոլանտա, Պելճիքա, Շուէտ, Չեխիա, Հունգարիա՝ Շաբաթ, Յունուար 6ի առաւօտեան 7:30ին: Պալթեան երկիրներ, Ռումանիա, Ուքրանիա, Յունաստան եւ Կիպրոս՝ 8:30ին: Ռուսիա (Մոսկուա, Ս. Փեթերսպուրկ եւ Քրասնոտար)՝ 9:30ին:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ.- Արեւելեան Ափ՝ Յունուար 6, առաւօտեան ժամը 1:30, Միջին Արեւմտեան շրջան՝ Շաբաթ առաւօտեան ժամը 12:30ին: Լեռնային շրջան (Քոլորատօ եւն.)՝ Ուրբաթ գիշեր ժամը 11:30: Խաղաղական շրջան (Քալիֆորնիայէն Վանքուվըր -Քանատա- եւն.)՝ Ուրբաթ գիշեր ժամը 10:30:
ՔԱՆԱՏԱ.- Մոնթրէալ եւ Թորոնթօ՝ Շաբաթ առաւօտեան ժամը 1:30ին:
ՄԵՔՍԻՔՕ (մայրաքաղաք).- Շաբաթ առաւօտեան 12:30ին:
ՎԵՆԵԶՈՒԷԼԼԱ.- Շաբաթ առաւօտեան 2:30ին:
ԱՐԺԱՆԹԻՆ.- Շաբաթ առաւօտեան 3:30ին:
ՊՐԱԶԻԼ, ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ.- Շաբաթ առաւօտեան 4:30ին:
ԵԳԻՊՏՈՍ ԵՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ.- Շաբաթ առաւօտեան 8:30ին:
ԵԹՈՎՊԻԱ ԵՒ ՍՈՒՏԱՆ.- Շաբաթ առաւօտեան 9:30ին:
ԹՈՒՐՔԻԱ.- Շաբաթ առաւօտեան 8:30ին:
ՎՐԱՍՏԱՆ.- Շաբաթ առաւօտեան 10:30ին:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ.- Շաբաթ կէսօրին (12):
ԹԱՅԼԱՆՏ.- Շաբաթ կէսօրէ ետք 1:30ին:
ՍԻՆԿԱՓՈՒՐ.- Շաբաթ կէսօրէ ետք 2:30ին:
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ (Սիտնի եւ Մելպուռն).- Շաբաթ երեկոյեան 5:30ին:
ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱ.- Շաբաթ երեկոյեան 7:30ին: