Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2006ի երեկոյեան, Marriot պանդոկին մէջ, ճաշկերոյթով մը տօնուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեկան ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Խաչիկ եւ Էլօ Մուրատեաններու։
Ներկայ էին Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի տնօրէնն ու Տնտեսական մարմինի ներկայացուցիչները, որոնք բոլորն ալ եկած էին զօրավիգ կանգնելու եւ սատար հանդիսանալու եկղեցւոյ բարեզարդման համար կազմակերպուած ձեռնարկին։
Օրուան հանդիսավարն էր իրաւաբան Նիկոլ Մանուկեան։ Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ ՀՀ զոյգ քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Թուխման Խաչատուրեանի, որուն դաշնամուրով կ’ընկերակցէր Յովիկ Քէօշկէրեան, երկուքն ալ եկեղեցւոյս պատանի դպիրներ։ Ապա հանդիսավարը իր խօսքը փոխանցեց, շեշտելով եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը, ոչ միայն ժողովուրդին հոգեւոր կարիքներու մատակարարման իմաստով, այլ նաեւ մեր ազգային կեանքէն ներս անոր ունեցած առաջնորդող դերակատարութեամբը։
Շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի կողմէ սեղաններու օրհնութենէն ետք, ներկաները վայելեցին ընթրիքը, որուն կ’ընկերակցէր հայկական Element խումբի տոհմիկ եւ դասական երգերուն փունջը։
Ընթրիքի աւարտին, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյս երիտասարդական խմբակի անդամներէն Կրէկ Մարթայեանը, որ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն համար ապահովել գնահատագիր մը Քալիֆորնիոյ նահանգի 39րդ, 32րդ եւ 33րդ տարածքաշրջաններու ներկայացուցիչներէն, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Տայէն Ֆայնսթայնէն։
Կրէկ Մարթայեան բեմ հրաւիրեց ձեռնարկի հիւրընկալ տէր եւ տիկին Խաչիկ եւ Էլօ Մուրատեանները, անոնց փոխանցելու Քալիֆորնիոյ 39րդ ընտրաշրջանի ներկայացուցիչին գիրը, ուր գնահատանք արձանագրուած էր հայկական գաղութէն ներս Մուրատեան ամոլին կատարած նուիրատուութիւններուն մասին, «որոնք մղիչ ուժը հանդիսացած են շատ ծրագիրներու յաջողութեան ու իրականացման»։ Ներկաներու բուռն ծափահարութեամբ Մուրատեան ամոլը շնորհակալութեամբ ստացաւ գնահատագիրը։
Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեանը: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք անդրադարձաւ, թէ ինչպէս աւելի քան 3 տասնամեակ առաջ խումբ մը հաւատացեալ ու նուիրեալ ազգայիններ հեռանկարը ունեցած էին Սան Ֆերնանտօ հովիտի սրտին մէջ իր երկնասլաց գմբէթներով կառուցել Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որպէս առաջին արտայայտութիւն մեր ինքնութեան պահպանման, իսկ քանի մը տարի ետք, երբ կառուցուեցաւ «Ֆերահեան» ազգային վարժարանը, եկեղեցի եւ դպրոց արդէն իսկ դրոշմը դրին մեր ազգային պատկանելիութեան եւ գիտակցութեան Սփիւռքի այս հեռաւոր ափերուն։ Իր խօսքի աւարտին, Լեւոն Արապեան հովիւին ու հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհելով մէկտեղ, այսօր մեզի հետ է եւ իր ներկայութեամբ յաւելեալ փայլ մը կու տայ ձեռնարկին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանին, որ հոգաբարձութեան բոլոր որոշումներուն զօրավիգ ըլլալով մէկտեղ, իր անուրանալի բաժինը կը բերէ նման ձեռնարկներու յաջողութեանը, հոգաբարձութեան կողքին գործող բոլոր յարակից մարմիններուն, դպրաց դասին, Կիրակնօրեային, Տիկնանցին եւ Երիտասարդական խմբակին, որոնք իրենց անսակարկ եւ նուիրական ծառայութեամբ երաշխիքն են մեր աշխատանքներու յարատեւման եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ բարգաւաճման։ Ապա ան իր անկեղծագոյն շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան հիւրընկալ Խաչիկ եւ Էլօ Մուրատեաններուն, որոնք եկեղեցւոյ անուանակոչութեան 33րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկի հիւրընկալութեամբ, աստուածապարգեւ իրենց վաստակէն մաս ու բաժին հանեցին եկեղեցւոյս պայծառացման։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ուղեկից միութիւններուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ զօրավիգ հանդիսացան այսօրուայ ձեռնարկին։
Խօսք առնելով, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յետադարձ ակնարկով մը անդրադարձաւ, թէ ինչպէս մօտ անցեալին ծնունդ առած են եկեղեցւոյս անուանակոչութեան նուիրուած այս ձեռնարկները եւ ինչպէս հովիտի մեր պատուական գաղութը ընդառաջած է հոգաբարձութեան կոչին, որուն մէկ օղակն է բոլորիս ներկայութիւնը հոս, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան նուիրուած այս ճաշկերոյթին։ Ապա ան ըսաւ. «Եկեղեցւոյս տարեդարձին նուիրուած այս ձեռնարկները ամէն տարի տեղի կ’ունենան անուանակոչութեան տօնին առիթով, տօն մը, որ ուխտի օր է բոլորիս համար եւ մենք բոլորս ալ ուխտաւորներ ենք եւ այսօր մեր նորանոր յանձնառարութիւններով պիտի վերանորոգենք Ասատուծոյ տաճարը աւելիով պայծառացնելու մեր ուխտը։ Մեր առօրեայ հեւքը երբեմն մեզ կը հարկադրէ մտահան ընել եկեղեցին կանգուն պահող մարմիններուն ու անհատներուն անգին զոհաբերութիւնը, հոգեւորականներ, նուիրատուներ, Ազգային երեսփոխաններ, Կիրակնօրեայ վարժարան, դպրաց դաս, Տիկնանց օժանդակ մարմին, Երիտասարդական խմբակ եւ տակաւին շատ մը յայտնի եւ անյայտ ծառայողներ, որոնք հաւաքուած են Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շուրջ, իւրաքանչիւրը իր ծառայութեամբը դարձած մէկ օղակը Սան Ֆերնանտօ հովիտի մեր գաղութին հոգեմտաւոր սնունդ ջամբող կառոյցին՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին»։
Այս առիթով, սրբազան հայրը գնահատեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, որ հոգաբարձութեան հետ համախորհուրդ, ոչինչ կը խնայէ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Սրբազան գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց Խաչիկ եւ Էլօ Մուրատեաններուն, ձեռնարկի հիւրընկալութիւնը ստանձնելու իրենց ունեցած գեղեցիկ գաղափարին համար, ապա գնահատեց հոգաբարձութիւնը:
Յայտագրի պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ հանդիսավարի շնորհակալութեան խօսքով՝ ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նուիրատուութեամբ թէ այլ ձեւերով սատար հանիսացան սոյն ձեռնարկի յաջողութեանը, որմէ ետք Element խումբը իր երգերով դարձեալ խանդավառեց մթնոլորտը, իսկ հայրենիքէն հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող Քնարիկ Ներկարարեանի զոյգ մեներգները հմայեցին բոլորը։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ազգայիններ անգամ մը եւս կատարեցին նուիրատուութիւններ, որպէսզի անմար մնայ Լուսաւորչի կանթեղը։