Այս շաբթուան ընթացքին Յունաստան կ’այցելեն ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան: Անոնք հանդիպումներու շարք մը ունեցան յոյն քաղաքական դէմքերու եւ յունահայ գաղութին հետ: Իրենց կ’ընկերանան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ:
Երկուշաբթի օր, Վ. Յովհաննիսեան եւ Գէորգի Պետրոսեան հանդիպում ունեցան Հայաստան-Յունաստան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Ֆոթիս Քուվէլիսի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Յունաստան-Ատրպէյճան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Մաքսիմոս Խարաքոփուլոս եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Սերգօ Գույումճեան եւ Ալիս Փափազեան:
Հանդիպումը շահեկան էր, եւ առիթը տրուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայացուցիչներուն մեր երկիրները հետաքրքրող հարցերը ներկայացնելու յոյն քաղաքագէտներուն, որոնք բարեացակամ մօտեցումով ընկալեցին հարցերը: Քուվէլիս հաւաստիացուց Յունաստանի խորհրդարանի դրական կեցուածքի մասին եւ բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ վերջ գտաւ 1.5 ժամ տեւած հանդիպումը:
Աւարտին, Ֆոթիս Քուվէլիս մամուլին յայտարարեց, թէ «մեր խմբակցութիւնը իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի մղում տալով բարեկամական յարաբերութեան, քայլ մը անդին անցնի՝ յստակ առաջարկներով եւ քաղաքական ընտրանքներով զօրակցելու Հայաստանի ու Արցախի»:
Իր կարգին Մաքսիմոս Խարաքոփուլոս շինիչ գործակցութեան արդիւնք նկատեց հանդիպումը: «Ընդարձակ նոյն տարածաշրջանէն ներս կ’ապրինք բոլորս եւ խստօրէն հետաքրքրուած ենք յառաջ մղելու բոլոր այն գործակցութիւնները, որ կայունութեան, խաղաղութեան եւ ապագայի զարգացման կը նպաստեն: Կը հաւատամ, որ այսօր փոքրիկ քար մը աւելցուցինք՝ մեր դարաւոր պատմութեան էջերէն եկող փոխադարձ յարաբերութիւններուն», ըսաւ ան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՉ
Ուրբաթ, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահի մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի ու Գէորգի Պետրոսեանի հետ:
Յաջորդաբար խօսք առին երկու հիւրերը, ներկայացնելով Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ, ծանրանալով Հայաստանի եւ ԼՂՀի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ, այդ ուղղութեամբ տարուած գործնական քայլերուն, յաջողութիւններուն եւ անհրաժեշտ աշխատանքներուն:
Զեկուցաբերները ծանրացան երկքաղաքացիութեան օրէնքի որդեգրման, Հայաստանի քայլերգի եւ Արցախի հարցի բանակցութիւններու վրայ՝ հարկ եղած տեղեկութիւնները եւ բացատրութիւնները տալով:
Զրոյցներուն յաջորդեց խիստ շահեկան հարցում-պատասխանի պահ մը, առիթ տալով ներկաներուն իրենց մտահոգութիւնները, ակնկալութիւնները եւ ուրախութիւնը արտայայտելու հայրենի իրադարձութիւններու նկատմամբ:
Սրահին մէջ աչքառու էր երիտասարդութեան ներկայութիւնը: Հանդիպումը վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: