Տարիներ առաջ «Z» քաղաքական բնոյթով նախաշաւիղ այս շարժապատկերին իրապաշտութիւնը բաւականին արգահատանք առաջացուց յոյն գնդապետներու կառավարութեան հանդէպ։ Օրերով խօսեր էինք անոր առթած խռովքին մասին։ Նման ազդեցութիւն ունեցաւ «Midnight Express» ժապաւէնը վերջերս (ԽՄԲ.- Յօդուածը գրուած է 1979ի Նոյեմբերին). այս անգամ մեզի ծանօթ թուրքը իր ամբողջական վայրագութեամբ աշխարհին կը ներկայացուէր։
Ժամանակի ընթացքին «Z»ի ազդեցութիւնը տակաւ մեղմացաւ առանց մոռցուելու։ Ճիշդ տարի մը առաջ, Վոժնեժենսքիի ելոյթէն ետք հաւաքուեր էինք բարեկամի մը տան մէջ։ Ամերիկեան ժամանակակից գրողներու իսկական հաւաքոյթ մը կը շարունակուէր հոն։ Ուշ երեկոյեան ներս մտաւ բարձրահասակ, նիհարակազմ ու մօրուքաւոր մէկը։ Անմիջապէս ողջագուրուեցաւ Վոժնեժենսքիի հետ ու տաք զրոյցի սկսան։ Հին մտերիմներ էին։ Երեւոյթը այդ կը թելադրէր։
Ծանօթանալու առիթ չեղաւ։ Գեղեցիկ էր պատկերը՝ ռուս արդի բանաստեղծութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին, ամերիկացի գրողներ եւ յոյն արդի արձակի հրաշալի վարպետներէն՝ Վասիլիքոս միասին մտերմաբար կը զրուցէին։ Կարծէք միջազգային գրական համաժողովի մը դադարն էր։ Նստած մնաց բազկաթոռին՝ ինքն իր վրայ կծկուած։ Նկարուեցանք միասին բայց… գլուխը չվերցուց։ Շարունակեց խօսակցութիւնը ու մեկնեցաւ կէս ժամ ետք նոյն այն հապճեպով, որ մուտք էր գործած։
Շուրջ երեք շաբաթ առաջ, Կիրակի օր մը հաւաքուեր էինք կրկին։ Հոն էր Վասիլիքոսը։ Երբ ներս մտայ, կը կարդար ու շարունակեց կարդալ։ Պահ մը ետք վերցուց գլուխը, մէկ կողմ դրաւ գիրքը ու չսպասեց ծանօթանալու։
«Հայաստան էի վերջերս եւ հոն կարծես ինքզինքս տանս մէջ կը զգայի։ Փառահեղ երկիր ու հրաշալի ժողովուրդ։ Երեւակայէ հակադրութիւնը Մոսկուայի հետ։ Մոսկուայի մէջ երբ ըսի, թէ մսակեր չեմ, սեղանին վրայ հազիւ քանի մը բանջարեղէն կար։ Երեւանի մէջ ըսի նոյնը ու կը սպասէի նոյնանման սեղանի մը։ Քանի մը վայրկեան ետք երբ ընթրելու հրաւիրեցին, ճաշասեղանը ծանրաբեռնուած էր երկրին բոլոր բարիքներով։ Ի՛նչ կանաչեղէն որ կ’երեւակայես, հոն շարուած էր կանոնաւոր կերպով։ Մարդոց, բոլորին հաղորդականութիւնը կ’ամբողջացնէր օրհնութիւնը սեղանին, որ կատարեալ անդաստանի վերածուած էր։ Ինչպէ՞ս կ’ուզես, որ օտար զգայի այդտեղ, ուր Երկիրը Մարդու հայրենիքն է եւ ոչ միայն հայուն»։
Շարունակեց խօսիլ։ Նոյն ինքնամփոփ մարդը չէր։ Կը խօսէր հանդարտ ու անբռնազբօս.
«Գացի մինչեւ սահման։ Տեսայ Արարատը եւ զգացի տառապանքը հայ ժողովուրդին՝ ի տես իր բռնագրաւուած հողերուն։ Մենք ալ կը զգանք նոյնը՝ թուրքին հանդէպ։ Այդ զգացումին մէջ մենք կը նոյն անանք։
Սիկարէթ հրամցուց, բայց առաւ երկարած սիկարս եւ «Քիչ ետք սուրճին հետ կը ծխեմ։
Մօրուքը ածիլած էր։ Վզէն անցուցած էր կնոջական ոսկեայ շղթայ մը, որուն վրայ կախեր էր զանազան մատանիներ։ Ձախ թեւին՝ ոսկեայ ապարանջանին քով իր ժամացոյցէն բացի կապած էր նաեւ կնոջական ժամացոյց մը։ Անցեալ տարի կորսնցուցած էր տիկինը եւ յիշատակը կ’ուզէր պահել անոր զարդեղէններուն այս իւրայատուկ արտայայտչաձեւով։ Զարտուղի տարօրինակութիւններ, որ կարելի չէր չնշմարել, բայց եւ այնպէս, չես ալ երկար մտածեր անոնց մասին ու չես կատակեր կամ հեգներ մարդը, գրողը։
Նոյն այդ Կիրակի օր մեկնեցաւ։
Այս երեկոյ կրկին հոս էր։ Այս անգամ մասնակցելու իրեն նուիրուած գրական երեկոյին՝ Պոսթըն համալսարանին մէջ։ Ամերիկացի գրող մը եւ յոյն գրող մը, Աթանաս Անակնասթոփուլոս, կարդացին իր՝ Վասիլիքոսի գործերուն անգլերէն թարգմանութիւնները, իսկ ինքը՝ յունարէն բնագիրը։ Եթէ ինք չունէր ռուս բանաստեղծներուն, Եւթուշենքոյին կամ Վոժնեժենսքիին տրամաթիք կատարողականութիւնը, վստահաբար ունէր նոյն տպաւորութիւնն ու հաղորդականութիւնը ունկնդիրներու մօտ։ Կարդացած պահուն, գրակալին առջեւ իր վտիտ, պրկուած մարմինը ամփոփուած էր, լարուած, կեդրոնացած ու մերուած իր գործերուն ուժականութեան ու զգացական աշխարհին հետ։
Ինչ որ կ’ըսէր Հայաստանի մասին, պատահական կամ պարագայական զրոյց չէր… մոռցուելու համար։ Նոր հրատարակած հատորը՝ «Սիրոյ նամակ»ը նուիրած էր իր մահացած տիկնոջ եւ հոն մէկտեղուած նամակները ուղղուած էին անոր։ Կը պարունակէր հատուած մը Հայաստանի ու Արարատի մասին, որ կը ցոլանայ իր անկեղծութիւնն ու սէրը մեր երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ։ Մարդը գացած ու տեսած էր երկիրը ու տեսնելէ ետք գրած՝ որպէսզի բաժնէր իր ապրումները, մտածումները ընթերցողներուն ու աշխարհին հետ։ Տեսակ մը տուրք է, որ կը վճարէր, որովհետեւ ըսեր էր նախապէս, թէ իր սէրը հայ ժողովրդի հանդէպ կու գար հինէն եւ թէ հայ ընկերոջ մը օգնութեամբ թարգմանած էր Վարուժանի «Հացին երգը»էն քանի մը քերթուածներ։ Հայաստան կ’երթար ճանչնալու Վարուժանին եւ Մարդուն հայրենիքը։ Ահա մասեր այդ հատուածէն’ ուղղուած իր մահացած տիկնոջ (թարգմանութիւնը՝ Մ.Մ.ի)։
«Այս առաւօտ քալեցի պողոտայէն, որ սկիզբ կ’առնէ Երեւանի սրտէն, ինչպէս բոլոր պողոտաները Լենինի հրապարակէն՝ նման անիւի ձողերուն։ Հրապարակը ճարտարապետուած է սրտի ձեւով։ Բլրոտ սիրտ։
«… Գարուն է։ Կրնաս շնչել զայն… փողոցներու մէջ մարդիկ ծխելով կը քալեն։ Բոլոր դիմագծերը հարազատ են ինծի՝ յոյն դէմքեր։ … Ինքնաշարժները չեն կրնար ապականել այս օդը, որու մէջ մեծն Արարատն է, անձայն, մաքրութիւն կ’արտաշնչէ իր կատարէն։ Այս՝ Հայաստանի ձիւնապատ Ողիմպոսն է, առանց աստուածներու, վասնզի Լեռը հոս ի՛նքն է աստուած։ Անոր մօտ, կրկին ձիւնածածկ, կոնաձեւ փոքր Մասիսը։ Կ’ըսեն, թէ լեռները շինուեցան, երբ Աստուած հրահանգեց բոլոր մարդոց ու կիներուն՝ իւրաքանչիւրը անոնցմէ մէկական քար նետելու։ Մարդոց նետած քարերը կերտեցին Մեծ Մասիսը, իսկ կիներու նետած քարերը’ անոր մօտիկին, Փոքր Մասիսը։
«Քաղաքին մէջ ամէնուր, ձիաւոր հերոսներու արձաններ կան’ մարդիկ սուրերը կամ նետերը պարզած եւ բոլորին ալ նշանները ուղղուած դէպի Թուրքիա։
«… Արարատը, ընկերոջս՝ Կարապետին երազը, որ չի կրնար տեսնել, տեղացիներուն մղձաւանջն է, որմէ չեն կրնար խուսափիլ ուր որ ալ դառնան։ Հոն է, խորհրդաւոր իր վեհութեամբ։ Այս խորհրդանիշին համար, այս զոյգին համար, լացի երէկ հայրենաբաղձ երգերու երգահանդէսի մը ընթացքին, նուիրուած կորսուած երկիրներու, կորսուած ազգի մը, անդամահատուած, յափշտակուած եւ մարմինը սպառած։
«Ռուս ուղեկիցս, անհանգիստ կը շարժէր, նեղուած էր երգերէն։ Զանոնք շատ ճնշիչ գտաւ։ Թերեւս ինք չէր կրնար կորուստը հասկնալ։ Իր մայր հայրենիքը կայսրուհի մըն է, որ չի հասկնար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երկիր կորսնցնել, տարանջատումն ու կործանումը ընտանեկան օճախներու, չի կրնար ըմբռնել հողի զաւթումը, չի գիտեր, թէ ինչպէ՞ս ցեղասպանութիւն մը իր ետին, օդին մէջ, տխուր երգեր կը թողու, անձրեւի նման ցնցուղուելու, երկրի տարտարոսային ծոցին մէջ ծարաւած սրտերը զովացնելու համար։
«Արարա՛տը։
«Գտայ զայն։ Դո՛ւն եւ ես։ Տակաւին կը տեսնեմ Արարատը։ Արարատն է՝ քե՛զ չի տեսներ»:
28 Նոյեմբեր, 1979
Պոսթըն