ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 26ի առաւօտուն, վատ եղանակի եւ ցած տեսանելիութեան պատճառով, «Զուարթնոց» օդանակայանին մէջ խախտած է թռիչքներու ժամանակացոյցը: Յետաձգուած են դէպի Մոսկուա եւ Քրասնոտար թռիչքները: Միաժամանակ յետաձգուած են նաեւ Լոնտոնէն, Սիմֆերոպոլէն, Հալէպէն, Մոսկուայէն, Ռոստովէն օդանաւներու ժամանումները:
Հանրապետութեան բոլոր ճանապարհահատուածները կը մաքրուին ձիւնէն:
Նշենք, որ հակառակ շրջաններու մեծ մասին մէջ տեղացող առատ ձիւնին՝ միջպետական եւ հանրապետական նշանակութեան բոլոր մայրուղիները բաց են եւ երթեւեկելի: Փակ է միայն Սելիմի լեռնանցքը:
Մայրուղիներու անցանելիութիւնը ապահովելու նպատակով, բոլոր ճանապարհահատուածերուն վրայ կը կատարուին ձիւնի մաքրութեան աշխատանքներ:
Ըստ օդերեւութաբանութեան մասնագէտ Գագիկ Սուրէնեանի՝ Դեկտեմբեր 26ի երեկոյեան ժամերէն մինչեւ Դեկտեմբեր 28ի գիշերը, Հայաստանի տարածքին ամէնուրեք կը սպասուի ձիւն եւ բուք: Դեկտեմբեր 27ին առաւելաբար Շիրակի, Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ կը սպասուի զօրաւոր քամի: Առաւելագոյն տեղումները կը սպասուին Հրազդանի, Ֆանտանի, Ապարանի, Գիւմրիի, Աշոցքի, Սեւանի եւ Չերմուկի մէջ: Օդի ջերմաստիճանը Դեկտեմբեր 27ի երեկոյեան ժամերէն մինչեւ 29ի գիշերը պիտի նուազի 8-10 աստիճանով: Շիրակի մէջ, ջերմաստիճանը պիտի տարուբերի գիշերը՝ նուազ 25 եւ 30 (C), Կոտայքի, Գեղարքունիքի, Արագածոտնի լեռնային շրջաններուն, Լոռիի, Արարատեան դաշտին մէջ՝ նուազ 20 եւ 25 աստիճան: