ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեան Օգոստոս 6ին ընդունեց ադամանդի եւ ոսկիի արդիւնահանումով զբաղող աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ «ԱԼՌՈՍԱ»ի նախագահ Սերկէյ Վիպորնովը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
«ԱԼՌՈՍԱ»ի նախագահը վարչապետին ներկայացուց իր ղեկավարած ընկերութեան յառաջիկայ ծրագիրները եւ Հայաստանի մէջ ընկերութեան գործունէութիւնը ընդլայնելու, ներդրումային նոր եւ մեծ նախագիծեր իրականացնելու մտադրութիւնները՝ նկատի ունենալով մինչեւ այժմ հայկական ադամանդագործական եւ ոսկերչական ընկերութիւններուն հետ ունեցած գործակցութեան փորձը, Հայաստանի մէջ բարձրորակ մասնագէտներու առկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարենպաստ օրէնսդրական եւ ներդրումային միջավայրը:
Միջկառավարական համաձայնագիրի ծիրէն ներս, Հայաստանի մէջ 2002էն ի վեր գործունէութիւն ծաւալած «ԱԼՌՈՍԱ» ընկերութեան նախագահի հաւաստիացումով, ընկերութիւնը նպատակ ունի ակնագործութեան եւ ոսկեգործութեան բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ շահաւէտ եւ ամուր գործակցութիւն զարգացնել Հայաստանի մէջ:
Վարչապետը նշեց, թէ կառավարութիւնը շահագրգռուած է գործակցութեան խորացումով, հետաքրքուած է ընկերութեան ներդրումային ծրագիրներով եւ խրախուսելի կը համարէ լուրջ ու հեռանկարային գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով մեծ ընկերութիւններու Հայաստան մուտքը, ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պատրաստակամ է աջակցելու այդպիսի ընկերութիւններու գործունէութեան, որուն վկայութիւնն է կառավարութեան եւ «ԱԼՌՈՍԱ» ընկերութեան միջեւ նոյն օրը ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրը: