ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ Յունուար 25ին հայ հասարակութիւնը վերջին հրաժեշտը տուաւ լեզուաբան, գրաբարագէտ, պետական համալսարանի դասախօս Խորէն Պալեանին: Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին պետական դէմքեր, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներ, համալսարանի դասախօսներ եւ բազմաթիւ սգակիրներ:
ԱԺ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Հրանուշ Յակոբեանի խօսքով, հայ ժողովուրդը զրկուեցաւ ոչ միայն բազմավաստակ լեզուաբանէ ու լաւ դասախօսէ, այլեւ լաւ մարդէ, որուն բոլորը մեծ ակնածանքով կը վերաբերէին. «Խորէն Պալեանը եւ Լուսինէ Զաքարեանը կազմում էին մի ամբողջականութիւն, որն առանց մէկը միւսի պատկերացնելն անհնար էր», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ 40 տարուան իր բարեկամական յարաբերութիւնները Խ. Պալեան մարդու, գիտնականի, փիլիսոփայի եւ կրօնականի հետ լեցուն են բազմաթիւ հետաքրքիր պահերով:
ԵՊՀ արեւելագիտական բաժանմունքի տնօրէն Գուրգէն Մելիքեան նշեց, որ կորուստը ակնյայտ է, քանի որ ան մեծ հայրենասէր էր, ամբողջ հոգիով ու սրտով կ’ապրէր ու կը ծառայէր Հայաստանին:
Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան, ցաւակցութիւն յայտնելով յայտնի գիտնականի ու մշակութային գործիչի մահուան առիթով, ըսաւ, որ անգնահատելի է իր գործունէութիւնը մայր բուհին մէջ, ուր ան երկար տարիներ գրաբար դասաւանդած է հայկական բանասիրական եւ աստուածաբանութեան բաժանմունքներուն մէջ:
Խորէն Պալեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Էջմիածինի Ս. Գայեանէ եկեղեցւոյ բակին մէջ, կնոջ՝ Լուսինէ Զաքարեանի շիրիմի կողքին: