ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի հրամանով, Վլատիմիր Կարապետեան նշանակուեցաւ նախարարութեան խօսնակ եւ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետ: Ան ցարդ կը վարէր նոյն գործը՝ բայց իբրեւ պաշտօնակատար:
Վ. Կարապետեան ծնած է 1969ին, Երեւան: 1993ին աւարտած է ԵՊՀի արեւելագիտութեան բաժանմունքը: 1987-1989ին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ:
Դիւանագիտական ծառայութեան անցած է 1994ին՝ իբրեւ ԱՊՀ վարչութեան կցորդ: 1996-1997ին վարած է Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան երրորդ քարտուղարի պաշտօնը: 1997էն մինչեւ 2001 եղած է ԱՊՀ վարչութեան երկրորդ քարտուղար, ԱՊՀ երկիրներու բաժինի վարիչ, այնուհետեւ ռազմաքաղաքական վարչութեան ապահովական համագործակցութեան բաժինի վարիչ: 2001-2004ին Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան խորհրդականն էր:
Վերադառնալով Հայաստան՝ 2004-2006ին վարած է նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան վարիչի պաշտօնը, իսկ 2006ի Յունիսէն ի վեր՝ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան պետի պաշտօնը: Կը տիրապետէ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Ամուսնացած է, ունի երեք երեխայ: