ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը: Լուրը հաղորդեց Քրեմլինը:
«Շարլ Միշելի խնդրանքով՝ Վլատիմիր Փութին տեղեկացուց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող 9 Նոյեմբեր 2020ի եւ 11 Յունուար 2021ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման գծով ձեռնարկուող քայլերուն մասին, որոնց կարգին՝ խաղաղ կեանքի հաստատման, Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական ու հաղորդակցութեան կապերու վերականգնման ուղղութեամբ: Ինքնին այդ հարցերը նախատեսուած են քննարկել 26 Նոյեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն ու Հայաստանի վարչապետի հանդիպման ընթացքին», կ՛ըսուի Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: