ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաց-աբխազական սահմանը ապօրինաբար անցնելու համար Վրաստանի մէջ ձերբակալուած Հայաստանի մօտ 30 քաղաքացիներ արդէն ազատ արձակուած են: Այս մասին Հոկտեմբեր 25ին յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ընթացքին:
Նախարարը նշեց նաեւ, որ 3 քաղաքացիներ տակաւին ձերբակալուած կը մնան, եւ անոնց հարցը եւս յառաջիկային կը լուծուի:
Նշենք, որ ձեբակալութիւնները կատարուած են ըստ Վրաստանի այն օրէնքին, որ կ’արգիլէ Աբխազիայէն սահմանը անցնիլ: