ԹԻՖԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Հարաւային Օսէթիոյ մէջ Կիրակի, Նոյեմբեր 12ին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին նախնական տուեալներուն համաձայն՝ շրջանի ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը թեր քուէարկած է Վրաստանէն անջատուելով անկախ պետականութիւն ունենալու ընտրանքին:
Ընտրական գործընթացին պատասխանատուները յայտնեցին, որ քուէահամարի արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ քուէարկողներուն 98-99 առ հարիւրը համաձայն է անկախութեան:
Մօտաւորապէս 72,000 բնակչութիւն ունեցող նահանգին ղեկավարները ողջունեցին այս արդիւնքը, իսկ ընտրութեանց հետեւած մեծ թիւով ռուս երեսփոխաններ հաստատեցին անոնց օրինականութիւնը:
Սակայն, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր «անհիմն» համարեց հանրաքուէն, պնդելով, թէ շրջանը կը շարունակէ Վրաստանի մաս կազմել:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ հանրաքուէին արդիւնքը հետեւանք էր Վրաստանի իշխանութեանց վարած քաղաքականութեան: