ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սեւ ծովը եզերող պետութեանց տնտեսական համագործակցութեան համագումարի մը մասնակցելու նպատակով Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին Մոսկուա ժամանած Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կելա Պեժուաշւիլի ծրագրած է անջատ հանդիպումներ ունենալ ռուս բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ, Մոսկուա-Թիֆլիս լարուածութիւնը մեղմացնելու յոյսով:
Լարուածութիւնը ծագած էր, երբ Թիֆլիս ձերբակալած էր Վրաստան հաստատուած չորս ռուս սպաներ եւ զանոնք լրտեսութեամբ ամբաստանած: Հակադարձելով այս քայլին, Ռուսիա խզած էր Վրաստանի հետ ցամաքային, օդային ու ծովային բոլոր կապերը, նեղ կացութեան մատնելով երկիրը: Պատժամիջոցները կը շարունակեն ի զօրու մնալ, հակառակ այն իրողութեան, որ Վրաստան ազատ արձակած է ռուս սպաները:
Պեժուաշւիլի պիտի հանդիպի իր ռուս պաշտօնակիցին՝ Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Իկոր Իվանովի հետ:
Քրեմլինի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մերժած է հանդիպիլ նախարարին հետ: