Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ փոխադարձ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան վերջնականացման առումով:
Վարչապետը այս հաստատումը կատարեց Հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստի իր խօսքին մէջ, անդրադառնալով 14 Մայիսին Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպումին:
Ան նաեւ յիշեցուց, որ 6 Հոկտեմբեր 2022ին Փրակի մէջ Ֆրանսայի նախագահին եւ ԵԽ նախագահին միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացք Ատրպէյճանի նախագահն ու ինք վերահաստատեցին իրենց երկիրներուն հաւատարմութիւնը ՄԱԿի կանոնադրութեանն ու 1991ի Ալմաթայի հռչակագիրին:
«Մայիսի 14ին մենք ըստ էութեան կատարեցինք եւս մէկ քայլ: Բայց, ի հարկէ, յաջորդ քայլը պէտք է լինի սահմանազատման համար իրաւական ուժ եւ նշանակութիւն ունեցող կոնկրէտ (յստակ) հիմքերի նոյնականացումն ու համաձայնեցումը», նշեց Փաշինեան:
Վարչապետը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց այն հանգամանքին, որ ԵԽ նախագահին յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է Արցախի հայութեան եւ իրաւունքներու ապահովութեան շուրջ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ միջազգային հանրութեան հետ համագործակաբար: Վարչապետը ատիկա նկատեց գործընթաց մը, որ էական է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու իրական եւ համապարփակ կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար:
«Հետեւաբար դա մեծապէս կ՛արագացնի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ: Բրիւսելում որոշակի դրական ըմբռնում է ձեւաւորել նաեւ Հայաստան-Ադրբեջան երկաթուղու վերականգնման մասով, բայց, հաշուի առնելով նախկին փորձը՝ այս մասով դեռ որեւէ կոնկրէտացումից (ճշգրտումէ) ձեռնպահ կը մնամ: Կրկին ընդգծեմ, որ Հայաստան պատրաստ է 2020ի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան 9րդ կէտով եւ Յունուարի 11ի՝ կրկին եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած կոմունիկացիաների (երթեւեկային հաղորդակցութեան) բացումն իրականացնել օր առաջ՝ կողմերի ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքների հիման վրայ», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը աւելցուց՝ ԵԽ նախագահի յայտարարութեամբ արդէն յայտնի դարձաւ, որ գերիներու եւ այլ պահուող անձերու հետագայ ազատ արձակման, անհետ կորսուածներու ճակատագիրներու պարզաբանման վերաբերեալ եւս գոյացած է որոշակի ըմբռնում: «Բայց հաշուի առնելով հարցի գերզգայուն լինելը՝ ասեմ միայն, որ այս թեմայով քննարկումները կը շարունակուեն առաջիկայ հանդիպումների ընթացքում», նշեց ան:
Վարչապետը դիտել տուաւ, որ Պրիւքսէլի մէջ 14 Մայիսի պայմանաւորուածութիւններու լոյսին տակ աւելի հրատապ կը դառնայ սահմանային գիծէն զօրքերու վերադարձը իրենց նախկին դիրքեր:
«Ի հեճուկս բանակցութիւններում որոշակի առաջընթացի՝ Ադրբեջանը շարունակում է էսկալացիոն (մագլցողական) քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի հետ սահմանին: Նախորդ օրերին մեր սահմաններին հնչել են կրակոցներ, ունենք զոհեր: Գլուխ խոնարհելով մեր ընկած եղբայրների առաջ՝ կրկին ուզում եմ ընդգծել, որ առաւել եւս Մայիսի 14ի պայմանաւորուածութիւնների ֆոնին, աւելի հրատապ է դառնում սահմանային գծից զօրքերի հայելային յետքաշումն ու սահմանագծի ապառազմականացումը: Եւ մենք այս օրակարգը շարունակելու ենք ընդգծել», յայտնեց Փաշինեան, աւելցնելով, որ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակումը կացութիւնը լարելու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան մէկ դրսեւորումն է, որ անգամ մը եւս ակներեւ կը դարձնէ Արցախի եւ Լաչինի միջանցքին մէջ միջազգային ներկայութեան օրինական անհրաժեշտութիւնը: