ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի 31 համալսարաններ, գիտահետազօտական կեդրոններ եւ գիտական կազմակերպութիւններ միացած են տեղեկատուական Գիտական ցանցին, որ 2004էն կ’օգտագործուի Գիտութեան եւ առաջատար արհեստագիտութիւններու ազգային հիմնադրամի կողմէ: Այս մասին յայտնեց նշեալ հիմնադրամի նախագահ Յարութիւն Կարապետեան եւ նշեց, որ Երեւանի, Գիւմրիի, Աշտարակի եւ Բիւրականի մէջ տեղաբաշխուած գիտական հաստատութիւններու միջեւ արագագործ որակեալ կապը կ’ապահովուի մանրաթելային կապուղիներու ցանցով, որուն միացած է ՆԱԹՕի «Virtual Silk Highway» նախագիծի շրջանակներով գործող ARENA կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ առկայ հզօր համակարգչային կեդրոնները:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Գիտական ցանցը ձեւաւորուած է հիմնադրամի կողմէ իրականացուող գիտական ենթակառոյցի զարգացման ծրագիրներու շրջանակներով: