ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին վերսկսած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան գլխաւոր դատաւորը որոշած է դատավարութիւնը շարունակել յառաջիկայ տարուան Փետրուար 11ին:
Նաեւ, Թուրքիոյ խորհրդարանը որոշած է ենթայանձնախումբ մը կազմել, որ Պոլսոյ եւ Տրապիզոնի (ոճրագործին ծննդավայրը) մէջ հետաքննութիւն պիտի կատարէ ոճիրին շուրջ: