ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Տնտեսագէտներ կը հաղորդեն, թէ այս տարուան երկրորդ եռամսեակին ընթացքին Թուրքիոյ տնտեսութեան աճը նահանջ արձանագրած է, նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակաշրջանին արձանագրուած աճը եղած է հինգ տարուան ընթացքին նուազագոյնը, ինչ որ հարցականի տակ կ՚առնէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան վարած տնտեսական քաղաքականութիւնը։
Արձանագրուած նահանջը կրնայ պատճառ դառնալ, որ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը ներկայի տոկոսները նուազեցնէ։ Այս մէկը անշուշտ դժուարութեան պիտի մատնէ վարչապետ Էրտողանի տնտեսական նոր խմբակը, որ նշանակուեցաւ անցեալ Յուլիսի երեսփոխանական ընտրութեանց մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ապահոված յաղթանակէն ետք:
Նշենք, թէ Միջազգային դրամական հիմնադրամի մէկ պատուիրակութիւնը այս շաբաթ պիտի այցելէ Անգարա՝ տեսակցութիւններ ունենալու համար Էրտողանի կազմած նոր կառավարութեան նախարարներուն հետ եւ, բնականաբար, լուսարձակները ուղղուած պիտի ըլլան ելեւմուտքի նոր նախարար Մահմէթ Սիմսէքի վրայ, որ նախապէս եղած է «Մերիլ Լինչի» տնտեսագէտ եւ ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ Միջազգային դրամական հիմնադրամին եւ ելեւմուտքի նախարարութեան միջեւ կապերու համակարգող։
Սիմսէքի համաձայն, կառավարութիւնը պիտի կեդրոնանայ տնտեսական բարեկարգումներու վրայ, որպէսզի կարենայ արտադրութիւնը բարելաւել եւ Թուրքիոյ պարտքերը պակսեցնել։
Տնտեսական աճի համեմատութեան մէջ արձանագրուած նահանջը կարելի է վերագրել քաղաքական անկայունութեան, որ նախորդած էր երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն եւ պատճառ դարձած, որ երկրին մէջ ներդրումները պակսին։
Նշենք, թէ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը 2006ի ամրան ընթացքին տոկոսները պակսեցուցած էր՝ հակակշռելու համար արձանագրուած անակնկալ սղաճը։