ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Արեւելեան Մէսէչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Պոսթընի շրջանի քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ զայրոյթի եւ ընդվզումի մթնոլորտի մէջ են, տրուած ըլլալով որ հրէական Anti-Defamation League (ADL) կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Աբրահամ Ֆոքսման ուրացած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ բացայայտօրէն կ’ընդդիմանայ Ներկայացուցիչներու տան մէջ անոր ճանաչման ձգտող բանաձեւին:
Ֆոքսման իր արտայայտութիւններով լրջօրէն խնդրոյ առարկայ դարձուցած է «Ատելութեան տեղ չկայ» կոչուած շարժումի հաւաստիութիւնը, շարժում մը, որ կը գործէ Պոսթընի մօտակայքը Ուոթըրթաուն քաղաքին մէջ՝ ADL-ի իսկ հովանիին տակ:
Հարցը առաջին լուսարձակի տակ առնուեցաւ անցնող Յուլիս 6ին, երբ Ուոթըրթաունի թերթերէն մէկը լոյս ընծայեց շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Շարիստան Մելքոնեանի նամակը, ուր ան խստօրէն կը դատապարտէր Ֆոքսմանի կողմէ ուրացման յայտարարութիւնը: Նամակագիրը նաեւ պահանջեց «Ատելութեան տեղ չկայ» շարժումէն, որ անջատուի ADL-էն:
Յիշեցնենք, որ Ֆոքսմանի արտայայտութիւնը լոյս տեսաւ «Լոս Անճելըս թայմզ» թերթի Ապրիլ 21ի համարին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, որ լուսարձակի տակ կ’առնէր հրէական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կեցուածքը Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին նկատմամբ:
Ֆոքսմանի յայտարարութիւններուն պատասխանեցին նաեւ պոսթընաբնակ բազմաթիւ սիւնակագիրներ, ընդգծելով, որ ան տրամագծօրէն հակառակ դիրքի վրայ է իր ղեկավարած կազմակերութեան սկզբունքներէն: