ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրէսէն ներս Հայկական հարցերու համախմբումի զոյգ համանախագահներ՝ Ֆրէնք Փալոն եւ Ճօ Նոլընպըրկ նամակով մը իրենց զայրոյթը արտայայտեցին Թուրքիոյ կողմէ կատարուած այն սպառնալիքին, որ եթէ Քոնկրէսը իր օրակարգին վրայ դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը, Անգարա քայլեր պիտի առնէ, որոնք կրնան վտանգի ենթարկել ամերիկեան ուժերու ապահովութիւնը Իրաքի մէջ, հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Թոմ Լանթոսի յղուած նամակով, Փալոն եւ Նոլընպըրկ նշեցին. «Կ’իմանանք, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ազդարարած են, որ ի պատասխան (Հայկական Ցեղասպանութեան) բանաձեւի Քոնկրէսին կողմէ պարզապէս օրակարգի վրայ դրուելուն, թրքական կողմը պիտի փակէ Իրաքի մէջ մեր ուժերու պարենաւորման գիծերը: Ամերիկեան զինուորական գործողութիւններուն միջամուխ դառնալու այս անամօթ սպառնալիքը բացարձակապէս անընդունելի է եւ խորապէս վիրաւորական»:
Զոյգ քոնկրէսականները ապա զարմանք յատնեցին վարչակազմի կարգ մը պաշտօնատարներու կեցուածքին նկատմամբ, որոնք կքելով թրքական կառավարութեան սպառնալիքներուն դիմաց, քոնկրէսականներու կը պարտադրեն, որ ընդդիմանան Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան այս մասին յայտարարեց. «Դժբախտաբար թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ուրացումը՝ հակառակ բոլոր փաստերուն եւ միջազգային հանրային կարծիքի ճնշումին, մեծ մասամբ շնորհիւ պետական բաժանմունքի այն ճիգերուն, որոնք կը ձգտին լռեցնել ձայները բոլոր անոնց, որոնք բարոյական պայծառութեամբ կը խօսին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Այս վարչակազմի քաղաքականութեան կեղծաւորութեան փաստերէն մէկն է, որ մէկ կողմէ լուռ կը մնայ Թուրքիոյ պատժական օրէնքի 301րդ յօդուածին նկատմամբ՝ նախ քան Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, մինչ միւս կողմէ բացայայտօրէն եւ հետեւողականօրէն յարձակում կը գործէ Քոնկրէսին վրայ՝ նոյնիսկ եթէ ան միայն իր օրակարգին վրայ դնէ Ցեղասպանութեան բանաձեւը»:
Նոլընպըրկ եւ Փալոն իրենց նամակը Լանթոսի յղեցին այն պահուն, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ իր տեսակցութիւններուն ընթացքին կը յայտարարէր, թէ բանաձեւին դէմ կանգնիլը Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն է: Կիւլ պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսի ըսած էր. «Այս բանաձեւին որդեգրումը պիտի քանդէ ամէն ին»չ:
Թրքական նմանօրինակ սպառնալիքներ տեղացած էին նաեւ Ֆրանսայի հասցէին, սակայն հետագային սնամէջ դուրս եկած էին, երբ 2006ին Թուրքիա-Ֆրանսա առեւտուրը 131 տոկոս աճ արձանագրած էր բաղդատմամբ 2001ին:
Ամերիկայի մէջ, 2001-2006 տարիներուն, հակառակ Ցեղասպանութեան բանաձեւին նկատմամբ վարչակազմի եւ նախորդ Քոնկրէսներու ընդդիմութեան, Թուրքիա Իրաքի հետ իր սահմանը փակ կը պահէ ամերիկեան զինուորական քայլերու դիմաց, ինչ որ Փենթակոնի իսկ վկայութեամբ, զգալիօրէն կը դժուարացնէ ամերիկեան գործողութիւնները շրջանէն ներս:
Յայտնենք, թէ Կիւլ տեսակցած էր նաեւ Լանթոսի հետ՝ անոր հանգամանքին բերումով, տրուած ըլլալով, որ բանաձեւը նախ անոր գլխաւորած յանձնաժողովի օրակարգին վրայ պէտք է դրուի եւ վաւերացուելու պարագային է, որ պիտի դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումարին՝ առ ի քուէարկութիւն: Լանթոս կարեւոր դեր ունի բանաձեւը յանձնաժողովին նիստին դնելուն մէջ:
Փալոնի եւ Նոլընպըրկի նամակը լրիւ տեսնել մեր ներկայ համարի անգլերէն բաժինին, ինչպէս նաեւ մեր կայքէջին վրայ (www.asbarez.com):