Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճիշդ մօտեցում կը նկատէ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ միջազգային ձեւաչափով երկխօսութիւնը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Արցախի հայութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը երաշխաւորելու հարցերը:
Վարչապետը այս մասին յայտնեց Մայիս 24ին, կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ, պատասխանելով «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանի հարցումին` Արցախի խորհրդարանի 22 Մայիսի յայտարարութեան վերաբերեալ: Ան անդրադարձաւ 2 օր առաջ Արցախի Ազգային ժողովի հրատապ նիստին ընթացքին հնչած ելոյթներուն` նշելով, որ ունի այն տպաւորութիւնը, թէ Արցախի պատգամաւորները Հայաստանի իշխանութիւններուն կը փորձեն ըսել, որ չեն ուզեր Ատրպէյճանի հետ բանակցիլ, եւ թէ պէտք է Հայաստանի իշխանութիւնները բանակցին, իսկ Արցախէն ըսեն` ինչպէ՛ս բանակցիլ:
«Կարծում եմ` ճիշդ բանաձեւ է Ստեփանակերտի եւ Բաքուի միջեւ բանակցութիւնները, երկխօսութիւնը միջազգային գործիքակազմի շրջանակում Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ: Նաեւ կոչ եմ անում Արցախի մեր գործընկերներին, այնուամենայնիւ, համապատասխան պատրաստակամութեամբ վերաբերուել այս օրակարգին: Ի հարկէ, միւս կողմից էլ նաեւ Բաքուից էլ այդ պատրաստակամութիւնը պէտք է լինի, որովհետեւ գուցէ Ստեփանակերտում կասկածով են վերաբերւում Բաքուի պատրաստակամութեանը: Եւ գուցէ դա է պատճառը նման վերաբերմունքի եւ ռէակցիայի (հակազդեցութեան)», ըսաւ վարչապետը:
Նոյն նիստին Փաշինեան անգամ մը եւս հաստատեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է Պրիւքսէլի մէջ արձանագրուած պայմանաւորուածութիւնը, համաձայն որուն, ան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի 86.6 հազար քիլոմեթրով սահմանները, որուն մէջ է Արցախը եւ կ՛ակնկալէ, որ Ատրպէյճան եւս վերահաստատէ, որ կը ճանչնայ Հայաստանի 29.8 հազար քիլոմեթր տարածքը։