3 Յունիսին, Անգարայի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ըստ Հայաստանի վարչապետին գրասենեակին՝ նախագահական համալիրին մէջ Փաշինեանը դիմաւորեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան զանազան երկիրներու ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
«ՌԻԱ Նովոսթի«ն, յղում կատարելով «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ին՝ կը հաղորդէ, որ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «ոտքի վրայ» կարճ զրոյց մը ունեցան, իսկ անոնց կողքին եղաւ նաեւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ:
«Ռատար Արմէնիա»ն, յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն՝ կը հաղորդէ, որ Փաշինեան նաեւ կարճ զրոյց ունեցաւ Էրտողանի հետ: Թրքական լրատուամիջոցները այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին:
Յիշեցնենք, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ Հայաստան պետութեան ղեկավարի մակարդակով կը մասնակցի Թուրքիոյ նախագահի երդման արարողութեան:
Փաշինեանին կ՛ընկերակցէր Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին մէջ հայկական կողմի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան: