ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան բանբեր Նենսի Փելոսի անցնող շաբաթավերջին Իրաքէն ետք Աֆղանիստան այցելեց, ուր տեսակցութիւն մը ունեցաւ երկրի նախագահ Համէտ Քարզայի հետ։ Անոնք քննեցին ամերիկեան վարչակազմի անցեալ շաբաթ յայտարարած այն ծրագիրը, թէ 10.6 միլիառ տոլարի յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի Աֆղանիստանի։
Լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Փելոսի Քարզայէն պահանջած է բարելաւել Աֆղանիստանի բանակին եւ ոստիկանութեան գործունէութիւնը:
Քարզայ իր կարգին ըսած է, որ այդ արդիւնքները ստանալու համար իր ուժերը կարիքը ունին յաւելեալ մարզումի եւ զէնքերու։
Յիշեցնենք, որ այս նպատակներուն յաջողութեան համար պիտի տրամադրուի ամերիկեան նոր օժանդակութեան մեծ մասը՝ 8.6 միլիառ տոլար, որպէսզի բանակայիններու թիւը հասնի 70 հազարի, իսկ ոստիկանութեանը՝ 82 հազարի։ Մնացեալ երկու միլիառը պիտի ծախսուի երկիրին վերաշինութեան եւ բարգաւաճումին համար։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս Պրիւքսէլի մէջ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ըսաւ, որ ուխտին անդամ դաշնակիցներէն իւրաքանչիւրը աւելին պէտք է ընէ Աֆղանիստանի մէջ։ Ան անդրադարձաւ Աֆղանիստանի բեռը ստանձնելու մէջ դաշնակիցներուն միջեւ տարբերութիւններուն՝ քննադատելով «տաք» շրջաններ ուժեր ուղարկելու գծով անոնցմէ ոմանց վերապահութիւնները։ Նշենք, որ Աֆղանիստանի մէջ գործող ՆԱԹՕի զինուորներուն գրեթէ կէսը ամերիկացի է։
Յայտնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Աֆղանիստանի մէջ սպասարկող 3400 զինուորներու կեցութիւնը պիտի երկարաձգուի չորս ամիսով: Այս ձեւով Ուաշինկթըն աւելցուցած կ՚ըլլայ այդ երկրին մէջ գործող իր ուժերուն թիւը, որովհետեւ չվերադարձող ուժերուն վրայ պիտի աւելնան սկզբունքով զանոնք փոխարինող ուժերը: