ՄԻՒՆԻԽ, «Ռոյթըրզ».- «Մէկ երկիր՝ Միացեալ Նահանգները, ամէն ձեւով անցած են իրենց աշխարհագրական սահմանները. անոնց այս ընթացքը կը սնուցէ նոր զինարշաւ մը, եւ կը շատնան այն երկիրները, որոնք կարիքը կը զգան հիւլէական զէնք ունենալու», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Ան նշեց, որ աշխարհը ականատես կ՚ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ուժի անտեղի գործածութեան անսանձ եւ շարունակուող ընթացքի մը»։
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Շաբաթ օր, Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած միջազգային ապահովական խորհրդաժողովի մը ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ:
«ՆԱԹՕի ընդարձակման գործընթացը ոչ մէկ առնչութիւն ունի այդ ուխտը արդիականացնելու կամ Եւրոպայի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարգախօսներուն հետ. ընդհակառակն, անիկա փոխադարձ վստահութիւնը մաշեցնող ազդակ է», ըսաւ Փութին։
Ռուսիոյ նախագահը աւելցուց. «Չեմ ուզեր ուղղել յարձակողապաշտ ըլլալու ամբաստանութիւն», այսուհանդերձ ան զգուշացուց, որ այսպիսի ընթացք մը կը սպառնայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտել, ուստի պիտի ստիպէ, որ այլ կողմեր անհրաժեշտ միջոցառումներու դիմեն։
Փութինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով լրագրողներու հաւաստեց, որ նախագահը «առճակատումի երթալու տրամադրութիւն չունէր», սակայն հաստատեց, որ Փութին 2000ին Ռուսիոյ նախագահ ընտրուելէն ի վեր այսքան խիստ ոճով չէր քննադատած Միացեալ Նահանգները։ «Անոր այս նկատողութիւններուն պատճառը Ռուսիոյ մտահոգութիւնն է զանազան շրջաններու մէջ տագնապներու թիւի աճէն, նաեւ միջազգային օրէնքի խանգարումէն», բացատրեց բանբերը։
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյթս Կիրակի օր անտեղի համարեց Փութինի եզրակացութիւննետրը եւ շեշտեց, թէ «մէկ Պաղ պատերազմ կը բաւէ»: Ան աւելցուց, թէ մօտիկ ապագային Մոսկուա պիտի մեկնի լարուածութիւնները մեղմացնելու նպատակով:
Յիշեցնենք, որ Միւնիխի այս խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան (Լուրը տեսնել էջ 1):