Հաւատացեալները հաւատքի ճամբուն առաջնորդել եւ հոգեւորապէս դաստիարակելու մտածումով առաջադրուած, հովանաւորութեամբ Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, նուիրուած՝ Հայ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
Դասախօսն էր Վիեննայի համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Հայնս Եորկըն Ֆէօլնըր։ Բացման խօսքը կատարեց Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, որ իր խօսքին առաջին բաժինով պատմականը ըրաւ Հայ ծէսին, խօսեցաւ անոր կազմութեան ու զարգացման հանգրուաններուն մասին, շեշտելով, որ Հայոց Ս. Պատարագը գոհար թագն է Հայ եկեղեցւոյ ծէսին, որ ներշնչած ու ներգրաւած է ո՛չ միայն հայ, այլ նաեւ օտար հաւատացեալներ, մինչեւ իսկ՝ փրոֆեսէօրներ։ Երկրորդ բաժինով ան ներկայացուց օրուան դասախօսը, զայն նկատելով բարեկամ հայ ժողովուրդին, որ իր ուսումնասիրութեանց առարկան դարձուցած է Հայ Ծէսը, նոյնիսկ իր աւարտաճառը գրած է Հայ եկեղեցւոյ Պատարագի մասին։
Փրոֆ. Ֆէօլնըր երկիւղածութեամբ խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ պատարագամատոյցին մասին։ Ան ըսաւ, թէ Հայոց Ս. Պատարագը գոհար արտայայտութիւնն է հայ լեզուին ու մշակոյթին, իսկ հոգեւոր գետնի վրայ՝ ան միութիւնն է համայնքին եւ վկայութիւնը հայոց քրիստոնէական հաւատքին։ Ան խօսեցաւ պատարագամատոյցին կրած ազդեցութիւններուն մասին՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին զանազան քրիստոնէական եկեղեցիներէ, ինչպէս՝ երուսաղէմեան, կապադովկեան, ասորական, բիւզանդական եւ լատինական։ Այս ազդեցութիւններու լոյսին տակ, Հայ ծէսը, սակայն, շաղախուեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին հետ, եւ կազմեց ամբողջութիւն մը, որ մէկ բառով կը բնորոշուի՝ հայկականութիւն, շեշտեց ան։
Դասախօսութենէն անմիջապէս ետք, հայր սուրբը հրաւիրեց ներկաները, իբրեւ նշան հաւաքական մասնակցութեան, միասնաբար երգելու «Սուրբ, Սուրբ»ը։ Յուզիչ էր պահը, երբ հրեշտակաց երգը հիմա կը հնչէր ներկաներուն ո՛չ միայն շրթներէն, այլեւ՝ հոգիներէն։ Ասոր եկաւ աւելնալու, Անի Յովակիմեանի կատարողութեամբ, «Տէ՜ր, ողորմեա» հոգեթով աղաչանքը, որ բոլորի հոգիներու աղաչանքին թարգմանը եղաւ։
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը, որ մեծապէս գնահատեց օրուան դասախօսը եւ անոր խորունկ սէրը հանդէպ հայ ժողովուրդին՝ ընդհանրապէս, եւ Հայ ծէսին՝ յատկապէս, ինչպէս նաեւ գնահատեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակը, որ Ս. Պատարագին նուիրուած երկրորդ ձեռնարկը իրականացուցած է վերջին երեք ամսուան ընթացքին. առաջինն էր Ժաք Ս. Յակոբեանի «Անմեղ Մեղապարտ՝ Պատարա՛գ» գիրքին ներկայացումը։
Սրբազանը այս ձեռնարկը համարեց «հոգեւոր սերտողութիւն» մը, Ս. Պատարագի մասին անգամ մը եւս խորհրդածելու, հոգեւորապէս մտածելու, որովհետեւ անոր ընդմէջէն մենք կը հաղորդուինք Քրիստոսի մարմինով ու արեամբ, եւ անով՝ մենք կը միանանք իրարու հետ, Աստուծո՛յ հետ, կ՚ըլլանք ապրող մէկ համայնք եւ Աստուծոյ ժողովուրդ։
Սրբազան հօր «Պահպանի»չէն ետք, ներկաները միաբերան երգեցին «Հայր մեր»ը։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք ներկաները հոգենորոգ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները։